ԶՕՐԱԿՑԻՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Սիրելի Հայրենակիցներ,

Գանատայի Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Յանձնախումբին ու գործակից եւ ուղեկից կազմակերպութիւններուն հետ համատեղուած ճիգերով, կը շարունակէ իր աջակցութիւնը ցուցաբերել Լիբանանահայ գաղութի զաւակներուն, որոնք օր ըստ օրէ աւելի՛ կը մխրճուին տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի ահաւոր պայմաններու մէջ։ Լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումը, երկրի մէջ տիրող սղաճը, դեղորայքի եւ ապրուստի հիմնական պէտքերու չգոյութիւնը անելի մատնած են Լիբանանցի քաղաքացին։

Ի տես երկրի անկայուն իրավիճակին, կրկին կոչ կ’ուղղենք համայն գանատահայութեան, որպէսզի ձեր աջակցութեամբ տէր կանգնինք Լիբանանի հայահոծ գաղութի զաւակներուն, որոնք երկրի վատթարացող ճգնաժամին հետեւանքով, կորսնցուցած են իրենց օրապահիկը։

2020 թուին, երկու իրերայաջորդ առիթներով, մեր գաղութը ջանք չխնայեց կանգնելու Լիբանանահայութեան կողքին եւ պատուով կատարեց իր պարտականութիւնը:

Հաւատացած ենք, որ այս անգամ եւս նո’յն թափով ու միասնաբա’ր պիտի փարինք այս գործին եւ յաջողութեամբ պսակենք զայն:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, 2019-ի երկրին մէջ սկիզբ առած ճգնաժամէն ի վեր ճիգ չէ խնայած հոգալու Լիբանանահայ գաղութին անմիջական պէտքերը՝ անոնց շաբաթական դրութեամբ տաք ճաշ, բժշկական անվճար ծառայութիւններ, ուտեստեղէն, կենցաղային հիմնական իրեր եւ տնային անհրաժեշտ պիտոյքներ տրամադրելով։ 

Շնորհիւ ՀՕՄ-ի համակիրներու առատաձեռն նուիրատուութիւններուն՝ հանգանակուած գումարնեըը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուին Լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութեան ծրագիրներուն գործադրման։ 

Ահաւասիկ աւելի քան տարի մը անցած է Օգոստոս 2020ի ահաւոր պայթումէն, սակայն Լիբանանահայութիւնը այսօր, աւելի քան երբեք մեր նիւթական աջակցութեան կարիքը ունի։ Հետեւաբար, առաջին հանգրուանով, ՀՕՄ-ը կը նախաձեռնէ $100 ամերիկեան (130 գանատական) տոլար յատկացնել ահաւոր պայմաններու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն։ Առ այդ, կը դիմենք մեր անդամներուն, բարերարներուն եւ համակիրներուն, որպէսզի մասնակից դառնան այս նախաձեռնութեանը։ «Լիբանանի Կողքին» դրամահաւաքին ձեր ներդրումը բերելով՝ կրնաք ընտանիքի մը անմիջական ապրուստը ապահովել։ 

Ձեր նիւթական օժանդակութիւնը կրնաք ուղարկել.-

1)Վճարագրով՝ ARS Foundation-ին, հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Relief Society of Canada

3401 Olivar Asselin, Montreal, QC, H4J 1L5

2)Այցելելով ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի կայքէջը՝ https://ars-canada.ca/

սեղմելով Donate Now կոճակը, ապա ընտրելով Aid to Lebanon fund-ը:

3)Etransfer-ով, ՀՕՄի Շրջ. Վարչութեան ել-նամակի հասցէին՝ ars-canada@bellnet.ca

Բոլոր պարագաներուն կը խնդրենք նշել թէ՝ դուք ձեր նուիրատուութիւնները կը կատարէք Լիբանանի Օժանդակութեան,- AID TO LEBANON

Վստահ ենք որ անգամ մը եւս Գանատայի մեր հայրենակիցները անվերապահօրէն պիտի աջակցին Լիբանանահայութեան դրամահաւաքի օժանդակութեան աշխատանքներուն:

Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.