Զօրակցական այցելութիւն երեսփոխանական թեկնածու՝ Արիս Մովսէսեանի
- (0)

Երեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2025-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, ընկերակցութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի զօրակցական այցելութիւն կատարեցին Թորոնթոյի Սքարպորօ-Էյճինքորթ ընտրատարածքի Գանատայի դաշնակցային ընտրութիւններու թեկնածու՝ հայազգի Արիս Մովսէսեանի ընտրարշաւի կեդրոնը:
Հայր Սուրբը, յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Ս. Արք Չարեանի եւ համայնքի զաւակներուն, յաջողութեան լաւագոյն բարեմաղթութիւններ փոխանցեց եւ աղօթք կատարեց: