Զի դու Վէմն ես հայրենի ազատութեան Խորանի՜՜ն
- (0)

Զի դու Վէմն ես անկեան հայրենի ազատութեան Խորանի՜ն,
Զոր մեծ Քարկոփնե՜րը տաշեցին դարերու անկործան Մարմարներէ՜ն,
Ու Մայր Երկի՜րը իր ազնիւ արեան Երանցներո՜վ խորհրդանշանած՝
Քեզ կանգնեցուց բռնութեան Պարիսպներո՜ւ հանդիման՝ ապառնիի Սէմի՜ն վրայ,
ՈրպԷս Երդո՜ւմը մահառումի ու որպԷս Առհաւատչեա՜ն իր վերհարնութեան…
Դու Ակո՜ւնքն ես անապակ, ուրկէ մեր Կեանքը կ’առուակէ,
Ու Խրախճա՜նքը մեր տուներուն, ուր Յուսահատութի՜ւնը կ’արտասուէ…
Դու Պատա՜նքն ես մեր մեռելներուն ու Նշխար՜ը անոնց բերանին,
Ու Աւազա՜նը մեր նորածիններուն ու Միւռո՜նը անոնց ճակատին,
Դու Սո՜ւրբն ես նորանշան եւ Ուխտատեղի՜ն հալածեալներուն,
Ու Զա՜նգը վերածնութեան եւ Ռահվիրա՜ն փառքի պողոտաներուն,
Դու Ե՜րգն ես մեր լեռներուն ու Արձագա՜նքը որբ ծործորներուն,
Ու Մռո՜ւնչը մեր ամպրոպներուն ու կորացնող Շանթե՜րը անոնց,
Դու Խառնարա՜նն ես վերաբռնկւած մեր նախնի Հերոսութեա՜նց,
Ու սպառազէն Հա՜յրը ազգին ու կուռ Կա՜մքը անոր…
Վտարանդի
Դաշնակցութեան
Հ.Յ.Դ. Պաշտօնական Օրգան ԴՐՕՇԱԿ
Դեկտեմբեր 1906