«Եւրօ-2024». Թուրքիա-Հայաստան` 1-1
Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («ԵՒՐՕ-2024») զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Սեպտեմբեր 8-ին, Հայաստանի կազմը, որ մրցեցաւ Թուրքիոյ դէմ, անոր դաշտին վրայ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Նախքան մրցումին մեկնարկը տրուիլը, Հայաստանի քայլերգի ընթացքին թուրք համակիրները սուլեցին:
Այս մրցումին Հայաստան ոչ միայն մրցեցաւ 11 մարզիկներու դէմ, այլեւ` մարզադաշտին մէջ գտնուող 32 հազար թուրք համակիրներուն դէմ:
Հայաստանի եւ մրցումին առաջին կոլը նշանակեց Փիւնիկ Երեւանի 33 տարեկան միջնապահ Արտակ Դաշեան (49-րդ):
Մրցումին 88-րդ վայրկեանին, ֆրանսական Ռենի 21 տարեկան յառաջապահ Պերթուտ Եըլտըրըմ նշանակեց Թուրքիոյ հաւասարութեան կոլը:
Այսպիսով, Դ. խմբակին մէջ Հայաստան, որ ցարդ կատարած է չորս մրցում, ապահովեց մրցաշարքի իր 7-րդ կէտը:
Թուրքիայէն Հայաստան վերադառնալով` Հայաստանի ազգային հաւաքականը «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ արժանացաւ շատ ջերմ ընդունելութեան:
Comments are closed.