Եւրոպական Յանձնաժողովը 34 միլիոն եւրօ յատկացուց Հայաստանին՝ մեղմելու Ռուսիոյ առեւտրային սահմանափակումներուն հետեւանքները
- (0)

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.— Եւրոպական Յանձնաժողովը այսօր 34 միլիոն եւրօ յատկացուց Հայաստանին՝ օգնելու համար մեղմել Ռուսիոյ սահմանած առեւտրային սահմանափակումներուն ազդեցութիւնը երկրի մասնաւոր հատուածին վրայ։
Ֆինանսական աջակցութիւնը կը հանդիսանայ առաջին բաժինը աւելի լայն օժանդակութեան փաթեթի մը, զոր յայտարարած էր Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լայէն՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցէն ետք։
Յայտարարուած փաթեթը կը ներառէ նաեւ առեւտուրի դիւրացման միջոցառումներ, որոնց նպատակն է ամրապնդել Հայաստանի տնտեսական դիմադրողականութիւնը։
Անցեալ ամիս կայացած ԵՄ-Հայաստան գագաթնաժողովին ընթացքին ստանձնուած պարտաւորութիւններուն հիման վրայ, կողմերը պիտի շարունակեն աշխատանքը՝ գործարար կապերը խորացնելու եւ հայկական արտադրանքին համար շուկաներու հասանելիութիւնը ընդլայնելու ուղղութեամբ։
Յաւելեալ աջակցութիւն պիտի տրամադրուի այն ոլորտներուն, որոնք տուժած են առեւտրային սահմանափակումներէն, ներառեալ գիւղատնտեսական եւ սննդամթերքի արտադրութիւնները, ծաղկաբուծութիւնը եւ արտահանման ուղղուած այլ ճիւղեր։ Աջակցութիւնը պիտի իրականացուի առեւտրային նախաձեռնութիւններու եւ շուկաներ մուտք գործելու նպատակադրուած ծրագիրներու միջոցով։
ԵՄ-Հայաստան տնտեսական դիմադրողականութեան աշխատանքային խումբը կը շարունակէ կանոնաւոր կերպով հանդիպումներ ունենալ՝ համակարգելու եւ վերահսկելու այս միջոցառումներուն իրականացումը։