Եւրոպական Խորհրդարանի Պատգամաւորները Ցեղասպանութեան Նուիրուած Նիստին Ընթացքին Դատապարտեցին Արցախահայութեան Բռնի Տեղահանումը
- (0)

Եւրոպական խորհրդարանը 3 Ապրիլին գումարեց Հայոց Ցեղասպանութեան 110րդ տարելիցին նուիրուած նիստ մը՝ նոյն ատեն լուրջ ուշադրութիւն դարձնելով Արցախի բնիկ հայերու բռնի տեղահանութեան: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին կը յայտնէ Յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան Եւրոպայի հայկական դաշնակցութեան (EAFJD) կայքէջը:
Եւրոպացի բազմաթիւ պատգամաւորներ յստակ զուգահեռներ կատարեցին պատմական ողբերգութեան եւ վերջին տարիներու իրադարձութիւններուն միջեւ՝ ընդգծելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պատմական պատասխանատուութիւն չկրելու վտանգաւոր հետեւանքները:
«Ճանաչումը եւ հաշտեցումը քաջութիւն կը պահանջեն անցեալը դիմակայելու եւ ապագան պատմական ճշմարտութեան վրայ կառուցելու համար: Ասիկա յատկապէս կարեւոր է այսօր, երբ հարիւր հազարաւոր մարդիկ ստիպուած եղած են հեռանալու Լեռնային Ղարաբաղէն՝ Ատրպէյճանի վայրագութիւններուն պատճառով», ըսաւ Եւրոպական ժողովրդավար կուսակցութեան խմբակցութենէն Միրիամ Լեքսման:
Ընկերվարական եւ ժողովրդավարական յառաջադիմական դաշինք խմբակցութենէն Եանիս Մանիաթիս յիշեցուց իր ընտանիքին ողբերգական փորձառութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ: «Յիշողութեան եւ ճանաչման բացակայութիւնը կ՛առաջնորդեն անցեալի կրկնութեան: Լեռնային Ղարաբաղի դէպքերը այսօրուան ցաւալի յիշեցումն են», ընդգծեց Մանիաթիս:
Իսկ պատգամաւոր Նիքոլաս Պէյ, քննադատեց Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի շարունակական քաղաքականութիւնը՝ նշելով, որ արդէն 110 տարիներէ ի վեր Թուրքիա կը փորձէ բռնակցել հայկական հողերը: Ան նաեւ կոչ ուղղեց Եւրոպական Միութեան՝ սաստկացնելու ճնշումը Թուրքիոյ նկատմամբ, որպէսզի վերջինս ճանչնայ իր անցեալի յանցագործութիւնները:
«Կանաչներ»ու ներկայացուցիչ Մարքեթա Կրեկորովա արձանագրեց, որ Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար շարունակել աչք փակել այն ատեն, երբ իրեն յարմար է։ «Եկէք աջակցինք Հայաստանին՝ տարածաշրջանին մէջ վերջին ժողովրդավարութեան», աւելցուց ան:
Եւրոպացի պատգամաւորները խստօրէն քննադատեցին նաեւ Եւրոպական Միութեան շարունակուող համագործակցութիւնը Ատրպէյճանի հետ՝ յատկապէս կազի մատակարարումներու եւ Պաքուի հետ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրի պահպանման պարունակին մէջ:
«Ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք չէ հանդուրժելի ըլլայ: Անիկա ուղղակիօրէն կապ ունի մեր օրերու անարդարութիւններուն եւ բռնութիւններուն հետ», ըսաւ Մարի Թուսեն՝ ընդգծելով, որ պատմութիւնը կը կրկնուի՝ այս անգամ այլ եղանակներով, սակայն նոյն անպատժելիութեամբ:
EAFJD կազմակերպութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց եւրոպացի այն պատգամաւորներուն, որոնք յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը եւ նոյն ատեն բարձրացուցին Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Կազմակերպութեան նախագահը անգամ մը եւս քննադատեց Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութիւնը՝ «ցեղասպանութիւն» եզրը չկիրարկելու եւ պատշաճ յարգանք չցուցաբերելու համար:
Նիստին ընթացքին եւրոպացի օրէնսդիրները վերահաստատեցին, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտումները անթոյլատրելի են, եւ կոչ ուղղեցին Եւրոպական Միութեան՝ որդեգրելու սկզբունքային արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ մարդու իրաւունքները եւ միջազգային իրաւունքը վեր պիտի դասէ տնտեսական շահերէն: