Եւրոպական Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Անգարային կոչ ուղղած է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է յանձնախումբի` Թուրքիոյ վերաբերեալ հաշուետուութեան մէջ:

Կը նշուի, որ յանձնախումբը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման` մեկնելով հաշտեցման, շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան շահերէն:

Յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ` շուտափոյթ իրականացնելու յատուկ ներկայացուցիչներու համաձայնութիւնները, ինչպիսիք են օդային տարածքի եւ երկու երկիրներու միջեւ սահմանի բացումը, եւ կ՛ողջունէ մինչեւ հիմա արձանագրուած յառաջընթացը` գոհունակութեամբ նշելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի երդման արարողութեան:

«Յանձնախումբը Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը` թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ իրական հաշտեցման ճամբան հարթելու համար», նշուած է զեկուցումին մէջ:

Փաստաթուղթին մէջ Թուրքիոյ ուղղուած եւս մէկ կոչ կայ` ամբողջութեամբ կատարելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու իր պարտաւորութիւնները:

Comments are closed.