Երուանդ Փամպուկեան. «Մեր կուսակցութիւնը գաղափարներով է պէտք ապստամբել՝ մտքերով»

Պէյրութում դեռ յիշում են, թէ ինչպէս էր Երուանդ Փամպուկեանը դաս սկսում՝ հանգիստ, բայց յստակ ձայնով․
«Պատմութիւնը յիշելու համար չէ, հասկանալու համար է»,- ասել է ուսուցիչը:

Նա ծնուել է Հալէպում 1933 թ․ Օգոստոսի 5-ին, սովորել է «Քարէն Եփփէ» ճեմարանում, ապա Վենետիկի Սուրբ Ղազարի դպրոցում եւ Լուվէնի համալսարանում ուսումնասիրելով հասարակական ու քաղաքական գիտութիւններ։

Փամպուկեանը տասնամեակներ դասաւանդել է «Համազգային»-ի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրոցներում, դաստիարակել է սերունդներ, որոնք պատմութիւնը սովորել են ոչ միայն յիշել, այլ ապրել։

Երկար տարիներ եղել է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, 1970-ականներին Լիբանանի պատերազմների օրերին, ղեկավարել է «Ազդակ» օրաթերթը։ Երուանդ Փամպուկեանն իր կեանքը նուիրել է փաստերին, գրքերին ու ճշմարտութեանը։ 2017-ին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտը նրան պարգեւատրել է ոսկէ մետալով որպէս մարդու, ով պատմութիւնը պահպանել է, որպէս ապագայի յիշողութեան:

_ Ի՞նչն է, ըստ Ձեզ, Դաշնակցութեան հիմնական առաքելութիւնը այսօր՝ ազգային ու համահայկական մակարդակներում։
_ Դաշնակցութեան հիմնադիրքն որոշ ծրագրով է, որ գործի ձեռնարկեցին, եւ այդ ծրագիրը հիմնականով կը մնայ ի զօրու՝ այն էր Հայաստանի ազատագրութիւնն ամբողջ եւ Հայոց համախմբումն ի մայր հայրենիքի մէջ։ Այժմ անշուշտ հիմնադրութենէն այս կողմ ահա անցած հարիւր երեսուն եւ հինգ տարիներու ընթացքին շատ բան է փոխուել, բայց Դաշնակցութիւնն ի վիճակի եղած է իր Ընդհանուր ժողովների միջոցով միշտ այժմէականացնել, որովհետեւ փոփոխութիւնք տեղի կ’ունենան ոչ միայն մեզ մօտ, այլ ամբողջ աշխարհի։ Բայց հիմնականը կը մնայ նոյնը։ Այսօր ճիշդ է՝ ընդհանրապէս Դաշնակցութեան ջանքերով է, որ գիտէք, ստեղծուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը։

Հայաստանի մէկ փոքր տարածութեան վրայ, բայց դաշնակցականաց մտքից երբեք չէ ելած, որ Հայաստանը պէտք է ամբողջանայ, եւ ամբողջական Հայաստանի համար է, որ ճամբայ ելած ենք։ Այժմ, որ պայմանք փոխուած են, մենք կ’ապրինք այսպէս կոչուած Հայաստանի վերանկախացման օրերուն։ Դժբախտաբար այդ նոր վարչակարգը շատ հեռու է այն մտապատկերէն, որ ունեցած ենք եւ ունինք։ Ազգային լինեն՝ մեծ զիջումներ կատարուիլ, եւ դժբախտաբար եւ վտանգաւոր։ Այնպէս, որ Հայաստանի մէջ եւ մերինները եւ ընդդիմադիրքն ընդհանրապէս իշխանափոխութիւն կ’ակնկալեն, որպէսզի կասեցուի այս ընթացքը։

_ Ի՞նչ էք կարծում, Արցախի հարցն ինչպէ՞ս է հնարաւոր մոռացութեան չենթարկել եւ վերադարձի հարցը մշտապէս ժողովրդի մտքին մէջ պահել։
_ Հայ Դատը իրականում նորութիւն եւ կենդանութիւն կը տայ Սփիւռքեան պայմանաց մէջ։ Երբ որ Հայաստանի անկախութիւնը կորցրեցինք, եւ այնտեղ պոլշեւիկեան իշխանութիւն հաստատուեցաւ, ու հետզհետէ Սփիւռքի բոլոր երկիրներու մէջ Բիւրոյի կարգադրութեամբ ստեղծուեցան Հայ Դատի յանձնախմբեր, որպէսզի եւ մեր ժողովրդի մէջ, եւ միջազգային գետնի վրայ մոռացութեան չտրուի Հայոց Դատը։

Բաւական աշխատանք տարան Հայ Դատի յանձնախմբերը եւ կը տանին մինչեւ հիմա, յատկապէս Ցեղասպանութեան ճանաչման տեսակէտով։ Այժմ նորէն պէտք է անդրադառնամ՝ ցաւօք, որ մեր Հայ Դատի յանձնախմբերու տարած աշխատանքն աշխարհատարած եւ Հայաստանի իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը իրար հետ չեն համընկնիր։ Փոխարէն՝ իրար գործակից դառնալու, մէկը միւսը ամբողջացնելու՝ շատ պարապութիւն կը ստեղծուի։ Հակասութեան մէջ ենք. այդ ալ ցաւալի պարագայէն մէկն է։ Այդ պատճառաց մէկն է, որ մենք իշխանափոխութիւն պահանջենք՝ ոչ թէ ի հակադրութիւն, այլ որ ներդաշնակ պէտք է ըլլայ եւ Սփիւռքի տարած աշխատանքը, եւ Հայաստանի իշխանութիւններու գործը։ Եղած ժամանակք կէս ու կէս կը գործակցէին, բայց ներկայիս՝ ոչ, ցաւալի կերպով՝ ոչ։

_ Արցախի հարցի ներկայիս վիճակում՝ ի՞նչ դեր կարող է ունենալ ՀՅԴ-ն որպէս համահայկական ուժ։
_ Շատ ցաւալի է. այն հետեւանքն է Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան։ Ցաւալի է, որ մենք կորցրինք Արցախը։ Այսքան տարիներ պայքար կը մղենք, բայց ցնոր է տնօրինութիւնն, թէ ինչ կը լինի ապագային՝ չենք գիտեր, բայց կը վախնամ, որ…

Մեր Հայ Դատի յանձնախմբերու աշխատանքներուն աջակից դառնալ՝ այսինքն այդ հարցը արծարծել, որ մոռացութեան չտրուի, այսինքն ընդունուած իրողութիւն չդառնայ, թէ այդ մաս կը կազմէ Ատրպէյճանին։ Եւ աշխատանք ունինք կատարելու եւ երկրի, եւ ժողովրդի, Արցախի ժողովուրդը հոն չէ՝ պարպուած է երկրամասէն։ Երիտասարդութեան գործն է հետեւել կուսակցութեան ընդհանուր ուղեգծին. բնական է, եւ մեր կուսակցութիւնն այնքան բաց է, որ միշտ կարելի է նոր մտքեր եւ նոր առաջարկներ բերել։ Եւ երիտասարդութիւնը ատոր մէջ պէտք է նոր առաջարկներ բերէ, եւ երիտասարդութիւնը իսկապէս պէտք է իր դերակատարութիւնն ունենայ։ Այժմ տեսէք՝ մեր կուսակցութիւնը շատ երիտասարդ է. ճիշդ է՝ Սփիւռքի մէջ փոքր ինչ ծերացաւ, բայց հիմնադիրներուն նայեցէք՝ քանի տարեկան էին։ Հիմնադիրներն ու հիմնադիրաց մասնակիցն՝ մեծ մասը երիտասարդք էին։ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցները՝ քսանհինգ, երեսուն, երեսունհինգ տարեկան։ Եւ այդ տեսիլքը պէտք է պահել՝ ոչ միայն երիտասարդացնել ըստ տարիքին, այլեւ ըստ հոգւոյ։ Երիտասարդութեան ոգին փոփոխութիւն, բարեփոխութիւն եւ առաջադիմութիւն է, որ կը պահանջէ։ Երիտասարդութիւնը պէտք է արթուն պահակի դեր կատարէ։

_ Արդեօք երիտասարդութիւնը պէ՞տք է ապստամբութիւն կատարի:
_ Ապստամբութեան խնդիր չէ, այլ նոր գաղափարներ բերէ, եւ մեր կուսակցութիւնը գաղափարներով է պէտք ապստամբել՝ մտքերով։ Համաշխարհայնացում տեղի կ’ունենայ, եւ այդ համաշխարհայնացման առաջին նպատակն է՝ գաղափարազուրկ դարձնել սերունդները։ Գաղափարները այժմ շատ տեղ չունին այդ համաշխարհայնացման քաղաքականութեան մէջ։ Եթէ ուշադրութիւն դարձնենք, կը տեսնենք, որ նոյնիսկ Եւրոպայի յառաջադէմ երկիրներու մէջ գաղափարական ունեցող կազմակերպութիւնները շատ են տկարացած, որովհետեւ այդ գաղափարը մտած է մարդոց մտայնութեան մէջ՝ «կեր, խմէ եւ ուրախացիր»՝ այդքանով բաւականացիր։ Եւ մարդիկ անոնց կը հետեւին՝ լաւ ապրելու, լաւ ունեցուածք ունենալու։ Այդ հոգւոյ դէմ պայքարն եւս կարեւոր է, որպէսզի մենք պայքարենք, որ այդ հոգին չտարածուի մեր երիտասարդութեան մէջ։

_ Շնորհակալութիւն, պարոն Փամպուկեան:
_ Ես նոյնպէս շնորհակալ եմ:

Զրոյցը՝ Սիւնէ Ֆարմանեանի
«Ալիք» օրաթերթ