Երկու սարկաւագներ միացան Կիլիկեան ուխտեալ Միաբանութեան շարքերուն։

Horizon Weekly Newspaper

Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ապրեցաւ կրկնակի ցնծութիւն, երբ անցեալ Կիրակի իր Միաբանութենէն երեք անդամներ բարձրացան եպիսկոպոսական աստիճանին, իսկ Կիրակի, 2 Մարտ 2025-ին, Բուն Բարեկենդանի տօնին, Կաթողիկոսանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի մէջ, երկու սարկաւագներ՝ Կարէն Եօսուլքանեան եւ Յակոբ Ճուլֆայեան միացան Կիլիկեան ուխտեալ Միաբանութեան շարքերուն։

Արդարեւ, նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Մայրավանքին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան կատարեց աբեղայական ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւնը, խարտաւիլակութեամբ Սուրբ Աստուածածին Վանքի վանահօր՝ Գերպ. Տ. Շնորհք Ծ. Վրդ. Աշըգեանի։

Սուրբ Պատարագին եւ ձեռնադրութեան ու օծման արարողութեան ներկայ էր Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան։

Յընթացս Սուրբ Պատարագին, խարտաւիլակ հայր սուրբը, ընծայեալները ծնրադիր առաջնորդեց եկեղեցւոյ մայր խորան։ Ձեռնադրիչ սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ «այս ծառաներուն շնորհք տայ քահանայութեան աստիճանը առնելու»։ Ապա, ձեռնադրեալները կատարեցին աշխարհէն հրաժարելու եւ Քրիստոսի լուծը կրելու ուխտը։ Խարտաւիլակ հայր սուրբը միւռոնաթափ աղաւնին վերցնելով Սուրբ Երրորդութիւն խորանէն՝ բերաւ մայր խորան եւ յանձնեց ձեռնադրիչ սրբազան հօր։ Վերջինս, իր կարգին, սրբալոյս միւռոնով օծեց ընծայեալներուն ճակատն եւ աջ ու ձախ ձեռքերը, Կարէն սարակաւագը վերանուանելով Տ. ՄՈՎՍԷՍ ՔԱՀԱՆԱՅ, իսկ Յակոբ սարկաւագը՝ Տ. ԱԲՐԱՀԱՄ ՔԱՀԱՆԱՅ։

Հուսկ, Մակար սրբազան ոգեւորիչ քարոզով օրուան պատգամը փոխանցեց։ Ամենակալին փառք ու գոհութիւն վերառաքելէ եւ Սուրբ Աթոռոյս գահակալին իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնելէ ետք, Բուն Բարեկենդանի տօնին առիթով, ան բարի կենդանութիւն մաղթեց հաւատացեալներուն՝ աղօթելով, որ այս ձեռնադրութեան ու օծման հետ ճշմարտապէս ապրինք նախահօր ու նախամօր վայելած դրախտը՝ հոգիով ու ներքին խաղաղութեամբ, Քրիստոսի կենդանի ներկայութեամբ եւ առաջնորդութեամբ։ Խօսելով ձեռնադրութեան ու օծման խորհուրդին մասին, սրբազան հայրը երեք կէտեր ընդգծեց, որոնք քահանայութեան աստիճանին առնչուած են։ Առաջին՝ քահանայապետը կ՚ընտրուի մարդոց մէջէն, երկրորդ՝ կ՚ընտրուի մարդոց համար եւ երրորդ՝ կ՚ընտրուի Աստուծոյ կողմէ։ Քարոզիչ սրբազան հայրը խօսելէ ետք յիշեալ կէտերէն եկող պատգամներուն մասին, եղբայրական խրատներով գօտեպնդեց նորընծաները հետեւելու մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին, որպէսզի չյանձնուին ֆիզիքական ցանկութիւններու, եկեղեցին տանին ժողովուրդին եւ նուիրուին Աստուածաշունչի գիտութեան խորացման։

Իր քարոզի աւարտին, Մակար արքեպիսկոպոս շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը, Կիլիկեան Միաբանութիւնը, ձեռնադրեալներուն ծնողները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Քարոզէն անմիջապէս ետք, «Ողջոյն»ի պահուն, Վեհափառ Հայրապետն ու միաբան հայրերը բարձրացան խորան եւ հայրական ու եղբայրական համբոյրով ողջունեցին նորաօծ քահանաներուն մուտքը ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ եւ մասնաւորապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայական անդաստանին մէջ։

Յայտնենք, որ Տ. Մովսէս քահանային կնքահայրութիւնը ստանձնած է Յակոբ եւ Սալբի Լուսարարեան, իսկ Տ. Աբրահամ քահանայինը՝ Յովիկ եւ Մեղրի Արսլանեան։ Աւանդութեան համաձայն, նորաօծներուն կնքահայրերը կատարեցին անոնց նորադրոշմ ճակատներուն ու ձեռքերուն լուացումը։

Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ կատարեալ հնազանդութեան, կամաւոր աղքատութեան եւ կրօնական ողջախոհութեան ուխտերու խորհրդանիշը հանդիսացող վեղարի օրհնութեան կարգը եւ կուսակրօնութեան իբրեւ նշան, միաբանական կնգուղը դրուեցաւ Տէր Մովսէս աբեղային եւ Տէր Աբրահամ աբեղային գլխուն։

Սուրբ Պատարագէն ետք, գլխաւորութեամբ ձեռնադրիչ սրբազան հօր եւ ընկերակցութեամբ խարտաւիլակ հայր սուրբին, նորընծաները բարձրացան Վեհափառ Հայրապետին մօտ եւ ստացան անոր օրհնութիւնը։

Հայրապետական օրհնութիւնը ստանալէ ետք, Մայր Տաճարի Սուրբ Խորանին առջեւ, հաւատացեալներները մօտենալով նորընծաներուն՝ աջահամբոյրով ստացան անոնց անդրանիկ օրհնութիւնը եւ յայտնեցին իրենց շնորհաւորութիւնները։