Երկար Տարիներու Ընդհատումէ Ետք Եագուպիէի Ս. Աննա Եկեղեցւոյ Մէջ Առաջին Սուրբ Պատարագը Մատուցուեցաւ

Horizon Weekly Newspaper

Տնօրինութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կիրակի, 2 փետրուար 2025-ին, երկար տարիներու ընդհատումէ ետք Հալէպէն, Քեսապէն եւ Լաթաքիայէն աւելի քան երկու հարիւր եագուպիահայերու ներկայութեամբ, հոգեկան ցնծութեամբ, առաջին Ս. պատարագը մատուցուեցաւ Եագուպիէի Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ:

Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի գլխաւորութեամբ եւ ընկերակցութեամբ Արշակ Ա. քհնյ. Ալաճաճեանի, Հալէպէն, Լաքաթիայէն եւ Քեսապէն ուխտաւորներ եւ եագուպիահայեր հասան Եագուպիէ, ուր դիմաւորուեցան Եագուպիէի մէջ լատին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Լուէյ Պշարաթի եւ Քնեյյէի մէջ լատին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղուկաս Մեսրոպին կողմէ:

Հայր սուրբը եագուպիահայ ըլլալով` ժողովուրդին հետ ուխտաւորաբար դէպի Ս. Աննա եկեղեցի տանող զարիվեր ճամբան ոտնաբոպիկ ընթացան:

Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագը մատուցեց հայր սուրբը, որ նախ Արամ Ա. վեհափառին հայրապետական օրհնութիւններն ու ողջոյնները փոխանցեց ժողովուրդի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ առաջնորդ սրբազան հօր հայրական ողջոյնները` եագուպիահայերուն եւ Եագուպիէի, Քնեյյէի եւ Ճտէյտէյի քրիստոնեաներուն:

Հայր սուրբին քարոզին բնաբանն էր մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ` անիկա պիտի փրկուի» (Մտ 10.22):

Ան դիտել տուաւ, որ վերջին տասը դժուարին տարիներուն եագուպիահայերէն շատեր իրենց տուներէն դուրս եկան, շատեր ճամբորդեցին, ուրիշներ մնացին, սակայն իբրեւ քրիստոնեայ, կոչուած ենք համբերատար ըլլալու եւ Քրիստոսի կողմէ մեզի տրուած նշանով` համբերութեամբ փրկուեցանք եւ այսօր դարձեալ համախմբուեցանք Ս. Աննա հրաշագործ մատուռին մէջ` Ս. պատարագ մատուցելու, փառաբանելու Տէրը եւ եագուպիահայ հին ու նոր ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար աղօթելու:

Լեւոն վրդ. Եղիայեան` Եագուպիէ գիւղի հարազատ զաւակը ըլլալով, իր ուրախութիւնը յայտնեց Ամենակալին պարգեւած այս բերկրալի առիթին համար եւ հրաւիրեց ներկաները զգօն ըլլալու եւ իբրեւ եագուպիահայեր ու մէկ ժողովուրդի զաւակներ` համբերութեան պտուղը քաղելու:

Յանուն սրբազան հօր` ան կոչ ուղղեց եագուպիահայերուն վերադառնալու Եագուպիէ, ստանձնելու իրենց հողերը եւ իրենց ներդրումը բերելու Եագուպիէի վերածաղկումին` առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ ամիսներուն Ս. Հռիփսիմէ եւ Ս. Աննա եկեղեցիներուն վերօծման, որ պիտի կատարուի սրբազան հօր ձեռամբ:

Քարոզի աւարտին, հայր սուրբը Առաջնորդ սրբազան հօր կողմէ շնորհակալական եւ գնահատական նամակ փոխանցեց Լուէյ Պշարաթին` Սուրիոյ պատերազմի օրերէն ի վեր Եագուպիէի մէջ անոր մատուցած ծառայութիւններուն եւ մեր եկեղեցւոյ, դպրոցին, համայնքի զաւակներուն եւ բնակարաններուն նկատմամբ հոգատար վերաբերմունք ցուցաբերելուն համար: Այս առիթով, ան սրբազան հօր կողմէ արծաթեայ հայկական խաչ մը յանձնեց Լուէյ Պշարաթին:

Ան հայկական խաչ նուիրեց նաեւ Քնեյյէի հոգեւոր հովիւ Ղուկաս Մեսրոպին, նաեւ Ֆուատ Պիթառին, որ Եագուպիէ կը գտնուէր:

Հաւատացեալները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած եւ հրաշագործ Ս. Աննային բարեխօսութիւնը հայցեցին:

Պատարագէն ետք հայր սուրբը թափօրով ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր Ղուկաս Մեսրոպը վերջին Աւետարանը ընթերցեց, ապա կատարուեցաւ աղի, խունկի եւ ջուրի օրհնութիւն, որուն պատրաստութեան աշխատանքները կատարած էր Լաթաքիոյ Եագուպիէի եղբայրակցութիւնը:

Այս առիթով ներկաներուն բաժնուեցան Ազգ. կրօնական ժողովին կողմէ հրատարակուած առաքելական յորդոր պարունակող բացիկներ:

Ս. Աննա եկեղեցւոյ նորոգուած զանգը առաջին անգամ ղօղանջեց:

Այնուհետեւ, ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցի, ուր զանգի ղօղանջին ներքոյ հաւատացեալները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած` եագուպիահայ հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար, ապա «Կիլիկիա» մաղթերգը երգեցին:

Աւարտին, բոլոր ներկաներուն ճաշ մատակարարուեցաւ` Հալէպի եւ Լաթաքիոյ Եագուպիէի հայրենակցական միութեանց կողմէ:

Այնուհետեւ հայր սուրբը հոգեւոր հովիւ Լուէյ Պշարաթին հետ շրջեցաւ գիւղին մէջ եւ համայնքի կալուածներուն ներկայ իրավիճակին ծանօթացաւ: