Երիտասարդութեան Հետ Հանդիպման Ընթացքին. «Յաղթանակի Համար Պէտք Է Կամք Եւ Յամառութիւն Ունենալ» Շեշտեց Բագրատ Արք. Գալստանեան

Յունիս 22-ին, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան երիտասարդութեան հետ հանդիպում ունեցաւ Երեւանի Մանկական զբօսայգիին մէջ: Հանդիպման ընթացքին Բագրատ սրբազանը երիտասարդներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Սխրանքի զգացումը արթնցուցէք ձեր մէջ. հերոսութիւն է նաեւ պարզ պայմաններու մէջ ունենալ այն սխրանքը, որ դուն կոչուած ես փոփոխութիւն բերելու քու միջոցովդ, քու անձովդ, քու նկարագիրովդ եւ քու գործերովդ»:

Սրբազան հայրը երիտասարդներուն հետ խօսեցաւ նաեւ փոփոխութիւններուն մասին:

Բագրատ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց շարժման առաջին իսկ վայրկեանէն երիտասարդներուն ինքնադրսեւորման համար: «Փոփոխութիւնը շատ դժուար է, բայց անհրաժեշտ: Եթէ կեանքին մէջ փոփոխութիւն գոյութիւն չունի, կեանքը կը դառնայ ճահիճ, այսօրուան եզրաբանութեամբ` խաղաղ, բայց մեռած: Հետեւաբար փոփոխութեան առաջին այդ մեծ հոսանքը, հեղեղը կրողները դուք էք», ըսաւ սրբազանը:

Բագրատ սրբազանը երիտասարդութեան հետ հանդիպման ընթացքին նաեւ նշեց. «Տեղեր կան, որ կը վախնանք, կը խեղճանանք, կը փոքրանանք. ինչո՞ւ այդպէս ենք, որովհետեւ ինքնավստահ չենք, մեր որակին վրայ կը կասկածինք, մենք մեզի չենք սնուցած այն միտքով, որ մենք պէտք է ըլլանք լաւագոյնը, բարձրագոյնը, ըլլանք շատ մրցունակ, իսկ այդ միջավայրը ստեղծողը պէտք է ըլլայ պետութիւնը, իսկ այդ պետութեան կարեւոր հիմնասիւնը դուք էք: Երիտասարդները, որոնք կորսնցնելու առումով վախնալու ոչինչ ունին, այլ ունին միայն երազանքներ, ձգտումներ, իղձեր, եւ յուսամ անոնք բոլորը մաքուր են, ոչ թէ պայմանաւորուած են շահերով»:

«Մեզի օդի ու ջուրի պէս հանրային լայն հաշտութիւն պէտք է: Անիկա մեր երկրի փոփոխութեան համար անհրաժեշտ է: Եւ այս ուժերը նոյնինքն այդտեղ թիրախաւորած են, որ մենք այդ հաշտութիւնը չունենանք, որովհետեւ հաշտութիւնը մեծ, չափազանց մեծ ուժ է: Եթէ մեր կեանքը այդ հաշտութեան վրայ եղաւ, հաւատացէ՛ք, մնացեալ հարցերը պիտի լուծուին: Մեր պայքարի կարեւոր յատկանիշը յանուն ճշմարտութեան չնահանջելն է: Դժուար բան է սա», յայտարարեց Բագրատ սրբազանը:

«Ամբողջ մեր վերանկախացման շրջանը, բոլոր վերիվայրումներով հանդերձ, իր գնահատականը պէտք է ստանայ այս մարդիկը ճամբելէ ետք, որպէսզի մենք մեղաւորներու հասարակութենէն վերածուինք արդարներու հասարակութեան: Մեր երկիրը պէտք է արդարանալու կարելիութիւն տայ բոլորին», ըսաւ Բագրատ սրբազանը ի պատասխան երիտասարդի մը հարցումին` աւելցնելով, որ ընկերային անարդարութեան, ագահութեան եւ հազար ու մէկ խնդիրներու պատճառով հասած ենք այստեղ:

«Սուտի պատճառով հասած ենք այստեղ, սուտի պատճառով դուք փողոցն էք: Ճշմարտութիւնը շատ դժուար, բայց շատ հաճելի բան է, եւ անոր յաղթանակը բոլորինն է: Այո՛, մենք միասին, ձեզի համար, ձեր միջոցով պէտք է նոր որակներով պետութիւն ստեղծենք, նոր որակի երկիր, քաղաքացի, կեանք ստեղծենք», ըսաւ սրբազանը:

«Որեւէ ժամանակ բազմութեան մէջի կորիզը յաղթած է, քիչը յաղթող է, բայց ատոր համար պէտք է կամք ու յամառութիւն ունենալ», ըսաւ Բագրատ սրբազանը` կոչ ուղղելով երիտասարդներուն ըլլալու յամառ եւ նպատակասլաց: Սրբազան հայրը նաեւ ըսաւ, որ սեպտեմբերին մեծ ընելիք կայ:

«Թշնամիի սպառնալիքները, որ ամէն օր մեր գլխուն կու գան, չդադրած պատերազմի պատճառով են:  Սահմանազատում, սահմանագծում կոչուածը, որ հայրենայանձնում է, նոյնինքն բուն պատերազմի պատճառ է», ընդգծեց Բագրատ սրբազանը: Անոր համաձայն, պատերազմը չէ դադրած:

Բագրատ արքեպիսկոպոսը շարժումի հետագայ ընթացքին մասին խօսելով նշեց. «Բոլորին պատասխանատու մասնակցային հրաւէր կ՛ուղարկեմ. եթէ մարդիկ փոփոխութիւն կ՛ուզեն,  պէտք է դիտորդի կարգավիճակէն դուրս գան»: Ան նշեց, որ յառաջիկային նախատեսուած են հանդիպումներ մարզերու եւ այլ վայրերու մէջ:

Comments are closed.