Երեւանի Մէջ Յարգանքի Տուրքի Մատուցում` Արամ Մանուկեանի Յիշատակին

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր, ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանի կիսանդրիին առջեւ 29 յունուարին յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ պետական եւ հասարակական գործիչի մահուան 99-րդ տարելիցին առիթով: Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան, ոստիկանութեան աշխատակիցները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ գործիչներ, որոնք ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ դրին Արամ Մանուկեանի  կիսանդրիին առջեւ:

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Արամ Մանուկեան բացառիկ ազգային պետական գործիչ էր, եւ անոր կեանքը եւ ամբողջ գործունէութիւնը օրինակ է, թէ ինչպիսի՛ն պէտք է ըլլայ իր ազգին նուիրուած եւ ծառայող հայ մարդը:

«Այս տարի ձեռնարկները պիտի ըլլան պետականութեան վերականգնման 100-ամեակին ոգիով. Արամ Մանուկեանը, բնականաբար, այդ հոլովոյթի յառաջամարտիկն ու այդ ամբողջ տօնակատարութիւններուն առանցքային անձնաւորութիւնն է, որ նաեւ կը մարմնաւորէ մեր պետականութեան վերականգնումը: Ան շատ ուսանելի կենսագրութիւն  ունեցած է, ուստի այս առիթը պէտք է օգտագործել եւ աւելի լայնօրէն ներկայացնել անոր գործունէութիւնը մեր ժամանակակից սերունդին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ամբողջ կեանքը նուիրել պետութեան եւ ազգին», նշեց Ռուստամեան:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարին համաձայն, Արամ Մանուկեան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մէջ զբաղցուցած է ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը, որ այդ ժամանակաշրջանին եղած  է ամէնէն կարեւոր պաշտօններէն մէկը:

«Հանրապետութիւնը առանց կարգ ու կանոնի չէր կրնար իբրեւ  պետութիւն ձեւաւորուիլ, եւ այդ հիմքերը Արամ Մանուկեանը դրած է»,  ըսաւ Ռուստամեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.