Երեւանի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 135-րդ ամեակը
- (0)

Շաբաթ, 6 դեկտեմբեր 2025-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին։
135-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ «Յանուն հայի, յանուն պետութեան» կարգախօսի ներքոյ՝ ընդգծելով ՀՅԴ աշխարհայեացքը, գաղափարական հիմքերը եւ արժէքները։։
Ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամներ, ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, կուսակցականներ, համակիրներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ։
Միջոցառումը սկսաւ Հայաստանի եւ Արցախի պետական օրհներգերով, ապա հնչեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան քայլերգը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան իր խօսքը սկսաւ աղօթքով, ապա ներկաներուն փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութիւնը, որուն մէջ նշուած էր. «Մենք գոհունակութեամբ կը յիշենք եւ կը փափաքինք յիշատակել այս 135 տարիներու ընթացքին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ունեցած կարեւոր դերը։ Այս առաքելութիւնը սկսած է 19-րդ դարու վերջաւորութեան, անցած է դժուարին 20-րդ դարը եւ այսօր ալ ունի իր առաքինութեան պահանջը։ Հայը եղած է, է եւ պիտի մնայ՝ թող աշխարհը իմանայ»։
Ելոյթներով հանդէս եկան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամաւոր՝ Յակոբ Բագրատունի, եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր՝ Իշխան Սաղաթելեան։
Յակոբ Բագրատունի իր խօսքին մէջ ըսաւ․ «Մենք կողմնակից ենք արժանապատիւ խաղաղութեան, ոչ թէ զիջումներով հայրենակործան պայմանագրերու։ Վտանգուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցին, հայրենիքը, պետութիւնը»։
Ան իր խօսքին մէջ աւելցուց․ «Խռովքի մէջ են մեր ժողովուրդի զաւակներէն անոնք, որոնք հայու սիրտ կը կրեն, ապրած են ու մասնակից դարձած յաղթանակներու կերտման եւ այսօր ականատես են ու հիասթափուած՝ Արցախի յանձնումէն ասդին, Հայաստանի մէջ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կամքին ենթակայ զիջումներուն, Սփիւռքը պառակտող քայլերուն, հայրենասիրութեան ծաղրանքին ու արժէգային համակարգի ազգային ըմբռնողութեան խորտակման։ Ընթացքը դադար չունի եւ գահավէժ կը շարունակուի՝ թիրախ դարձնելով հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին, անոր սպասաւորներուն նկատմամբ դաւադրական քայլերով, ժողովրդահաճոյ յերիւրանքներով՝ նպատակ ունենալով փշրել հայ ժողովուրդի ու անոր հայրենիքի գոյատեւումը ապահոված ողնաշարը ամբողջ»։
Շնորհաւորելով ներկաները՝ Իշխան Սաղաթելեան նշեց․ «Դաշնակցութիւնը անցեալ ունեցող, ներկայի մէջ ապրող եւ ապագայի կազմակերպութիւն է։ Մեր գաղափարները այսօր աւելի քան երբեք պահանջուած են, որովհետեւ Հայաստանը ճակատագրական ջրբաժանի առջեւ է, իսկ հայկական ինքնութիւնը վերածուած է համակարգային հարուածի թիրախի՝ թէ՛ դրսէն, թէ՛ ներսէն։ Մենք յստակ կ’ըսենք թէ՛ դրսի, թէ՛ ներսի հակահայ ուժերուն՝ դուք կրնաք հալածել Դաշնակցութիւնը, կրնաք բանտարկել դաշնակցականները, սահմանափակել ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը, բայց դուք չեք կրնար սպաննել դաշնակցականութիւնը՝ մեր էութիւնը, մեր տեսակը։ Աւելին՝ դուք նոյնիսկ չեք կրնար խաթարել մեր կազմակերպութեան գործունէութիւնը։ Դաշնակցութեան արեւը մայրամուտ չունի»։
Միջոցառման ընթացքին ցուցադրուեցան վաւերագրական ժապաւէններ, որոնք կը ներկայացնէին ՀՅ Դաշնակցութեան անցած ուղին, ազատագրական պայքարի կարեւոր հանգրուանները, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան ներկայ գործունէութիւնը։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակի առիթով՝ ողջոյնի, շնորհաւորանքի, գնահատանքի եւ քաղաքական զօրակցութեան ուղերձներ յղած էին շարք մը կուսակցութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ։
Երեկոյթի գեղարուեստական բաժնի ընթացքին հնչեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր։





