ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀՅԴ ՄԱՄԼՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ
1302
0
Կիրակի, 17 Հոկտեմբեր 2021-ին, Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ մամլոյ խորհրդաժողովին, որուն մասնակցեցան ՀՅԴ լսատեսողական, տպագիր եւ առցանց մամուլի տարբեր երկիրներէ ներկայացուցիչներ։
Նախքան բացումը, մասնակիցները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը Արցախի պատերազմի նահատակներուն։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ դիտել տուաւ, որ ՀՅԴ մամուլը այսօր ունին հիմնական մարտահրաւէրներ՝ ազգային արժէքներու պահպանման, հայ քաղաքական մտքի հարստացման, մեր ազգային կեանքին մէջ բաժանարար գիծերու վերացման ու միասնականութեան գաղափարի շեշտադրման եւ պետական գերիշխանութեան պահպանման համար։
Խորհրդաժողովը կը շարունակէ իր աշխատանքը երկու օրերու տեւողութեան։