Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի Նուիրուած Թանգարանին
- (0)

Համաշխարհային Բ. պատերազմին տարած մեծ յաղթանակին 80-ամեակին ընդառաջ` Հայաստանի վեթերաններու միաւորման շէնքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Խորհրդային Միութեան մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի նուիրուած թանգարանին եւ լուսանկարներու ցուցահանդէսին:
Փետրուար 23-ին Խորհրդային Միութեան կրկնակի հերոս, մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի թանգարանի բացման նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկին ներկաները նախ յարգանքի տուրք մատուցեցին Համաշխարհային Բ. պատերազմի եւ ապա ղարաբաղեան պատերազմներու նահատակներու յիշատակին:
Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի անուան Հայաստանի վեթերաններու միաւորման նախագահ Սիմոն Եսայեան իր բացման խօսքին մէջ, ներկայացնելով մարաջախտին մեծ ներդրումը Համաշխարհային Բ. պատերազմին տարած յաղթանակին եւ շարք մը մեծագոյն մարտական գործողութիւններու կազմակերպման գործին մէջ, նշեց, որ հայ մեծանուն մարաջախտին նուիրուած թանգարանային անկիւնի ստեղծումը իրենց պարտքն էր:
«Բացումը կատարելով Յովհաննէս Բաղրամեանի անուան մարտական փառքի թանգարանին` մենք նաեւ յարգանքի տուրք մատուցեցինք հարիւր հազարաւոր հայ մարտիկներուն, որոնք ուս-ուսի մարտնչեցան այլ ժողովուրդներու կողքին», ընդգծեց Եսայեան:
Նշենք, որ թանգարան-կեդրոնին մէջ ներկայացուեցան Բաղրամեանի կեանքի տարբեր փուլերու դրուագները արտացոլացնող անձնական իրեր, պարգեւներ եւ լուսանկարներ: