Երեւանի գագաթնաժողովէն առաջ՝ Հայաստանեան վեց կուսակցութիւններ նամակ յղած են ԵՄ-ին։

Մայիսի 4-5-ին Երեւանի մէջ նախատեսուած Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի (ԵՔՀ) գագաթնաժողովէն առաջ, եվրոպական քաղաքական ընտանիքներու անդամ վեց հայկական կուսակցութիւններ համատեղ նամակով դիմած են Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան եւ գագաթնաժողովին մասնակցող պետութիւններու ու կառավարութիւններու առաջնորդներուն՝ բարձրաձայնելով Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական նահանջի, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ արցախահայութեան վիճակի վերաբերող մտահոգութիւններ։

Նամակը ստորագրած են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ), Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ), «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, Հայ Ազգային Քոնկրէսը (ՀԱԿ), ինչպէս նաեւ Եւրոպական Ազատ Դաշինքի անդամ Արցախի Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը։

Նամակը ուղղուած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթային, Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյենին, ինչպէս նաեւ ԵՔՀ գագաթնաժողովին մասնակցող պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն։

Ստորագրողները կը շեշտեն, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն միջազգային ասպարէզին մէջ ներկայացնել ժողովրդավարական առաջընթացի պատկեր, մինչ իրականութեան մէջ տեղի կ՚ունենայ իշխանութեան կեդրոնացում, հաստատութենական հակակշիռներու թուլացում եւ իրաւապահ ու դատական համակարգերու քաղաքական գործիքաւորում։

Նամակին մէջ ընդգծուած է, որ այս պայմաններուն մէջ ԵՔՀ գագաթնաժողովի կայացում Երեւանի մէջ կրնայ ստեղծել «վտանգաւոր քաղաքական ուղերձ», թէ ժողովրդավարական նահանջը կրնայ անտեսուիլ քաղաքական նպատակայարմարութեան հիման վրայ։

Կուսակցութիւնները կը մատնանշեն շարք մը խնդիրներ, որոնցմէ են՝ ժողովրդավարական ցուցանիշներու վատթարացումը՝ յղում կատարելով միջազգային կազմակերպութիւններու գնահատականներուն, քաղաքական դրդապատճառներով կալանաւորուած անձանց առկայութիւնը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ պետական ճնշումները, ինչպէս նաեւ մամուլի ազատութեան սահմանափակումները եւ լրագրողներու դէմ ուղղուած սպառնալիքները։

Նամակին մէջ առանձին բաժինով անդրադարձ կայ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիական անձանց, նշելով, որ առնուազն 19 հայ կը մնան ապօրինի կալանքի տակ՝ զուգահեռաբար շարունակուող կտտանքներու եւ բեմադրուած դատավարութիւններու մասին հաղորդումներուն։ Նաեւ շեշտուած է անհետ կորսուած անձանց հարցի չլուծուած մնալը։

Ստորագրողները կը բարձրաձայնեն նաեւ Արցախի ամբողջական հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեան հարցը՝ բնութագրելով այն որպէս ցեղային զտում, եւ կը շեշտեն տեղահանուածներու անվտանգ, կամաւոր եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը՝ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ։

Նամակի աւարտին կուսակցութիւնները կոչ կ՚ուղղեն եւրոպացի առաջնորդներուն՝ հրապարակաւ պահանջելու Հայաստանի մէջ քաղբանտարկեալներու եւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակումը, խօսելու եկեղեցւոյ եւ լրատուամիջոցներու նկատմամբ ճնշումներու դէմ, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ գտնուելու ընթացքին հանդիպումներ ունենալու ընդդիմադիր ուժերու, անկախ քաղաքացիական հասարակութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն հետ։

Նամակը կ՚եզրափակէ, թէ «ասիկա քաղաքական յստակութեան պահ է», եւ կը զգուշացնէ, որ Եւրոպայի ժողովրդավարական արժէքներու նկատմամբ վստահելիութիւնը վտանգուած է, եթէ սկզբունքները զիջին քաղաքական նպատակայարմարութեան։