Երբ Նիկոլը եւ թուրքը կը փլուզեն այն, ինչ մեզ կը պահէ կանգուն…
- (0)

Ժամանակն է ոտքի կանգնելու, մերժելու ու պաշտպանելու այն, ինչ հայկական է։
2018-ի Ապրիլին, երբ ժողովուրդը փողոց իջած էր, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը իբրեւ ազգային եւ պատասխանատու ուժ, կանգնեցաւ ժողովրդին կողքին՝ աջակցելով փոփոխութեան, իբրեւ ժողովուրդի կամքի դրսեւորում:
Բայց ընդամէնը 90 օր ետք յստակ դարձաւ, որ այս շարժումը ոչ թէ Հայաստանի օգտին, այլ՝ հակահայ եւ հակազգային ազդեցութիւններու գործիք էր։
ՀՅԴ-ն նաեւ առաջին քաղաքական շարժումն էր, որ հրապարակ եկաւ «Դեղին քարտ»՝ սթափուէք նախաձեռնութեամբ, զգուշացնելու որ Նիկոլն ու անոր թիմը արտաքին ուժերու գործիքներն են եւ ազգին դաւաճանելու պատրաստ։
Եւ յետագայ ութ տարիները ցոյց տուին, որ ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ սկսած պայքարը, արդար էր, կանխատեսումները՝ ճշգրիտ։
Տարիներ անց, պատմաբանները պիտի գրեն, որ Արցախի պարտութեան, յանձնումի եւ ազգային խայտառակութեան օրերէն ետք, Նիկոլ ոչ միայն մնաց իշխանութեան, այլ շարունակեց քանդել հայ պետականութեան հիմնասիւները՝ Բանակը, Եկեղեցին, Սփիւռքն ու Պետութիւնը։ Անոնք պիտի հարցնեն՝ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ պատճառաւ շարունակուեցաւ դաւաճանութիւնը: Պատասխանը դառն է՝ ներքին աղմուկներով եւ իշխանական խառնաշփոթով, որոնք շեղեցին հանրութիւնը իրական վտանգէն։
Պիտի գրեն, որ գտնուեցան զօրապետեր, որոնք հնազանդեցան բանակը քանդողին, բայց «պետական ծառայութիւն» կոչեցին զայն։ Գտնուեցան հոգեւորականներ, որոնք ծունկի եկան իշխանութեան դիմաց, որ պղծեց եկեղեցիներ, բանտարկեց հոգեւոր հայրեր եւ յանձնեց Արցախը։ Գտնուեցան քաղաքական գործիչներ, որոնք նախընտրեցին լռութիւնն ու յարմարիլը, փոխանակ պատասխանատու կերպով պայքարիլը։ Գտնուեցան հրապարակային «հայրենասէրներ», որոնք Facebook-էն եւ Instagram-էն դուրս չեկան, իսկ իրական վտանգին դիմաց՝ աչք գոցեցին։ Գտնուեցան գործարարներ, որոնք իրենց հարստութիւնը ծառայեցուցին ոչ թէ ազգային վերականգնման, այլ թրքամէտ եւ հակահայ օրակարգերու։ Գտնուեցան դատախազներ, քննիչներ եւ դատաւորներ, որոնք դարձան բութ գործիք՝ ոչ թէ արդարութեան, այլ իշխանութեան ձեռքին։
Բայց վտանգը միայն ներքին չէր։ Նիկոլը, Թուրքիոյ ու արտաքին այլ դերակատարներու աջակցութեամբ, սկսաւ ոչ միայն բաժնել, այլ նաեւ «վերակազմակերպել» Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին։ Հոգեւորականները դասակարգուեցին «ճիշդ» եւ «սխալ», «հնազանդ» եւ «փոխարինելի», իսկ Կաթողիկոսն ու անոր հեղինակութիւնը իբրեւ խոչընդոտ։
Իշխանութիւններու վարած քաղաքականութիւնը նաեւ կը ներառէ սփիւռքի կազմակերպութիւններու «վերադասաւորում», անոնց հեղինակութեան նուաստացում եւ հակահայ քարոզչութեան տարածում, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պաշտպանութեան ջանքերու թուլացում։ Այս ներքին եւ արտաքին վտանգները միացեալ շղթայ կը ստեղծեն, որմով կառավարութիւնը նպատակ ունի յաջողցնել իր մութ ծրագիրները՝ առաջին հերթին պառակտելով եւ խարխլելով հայկական միասնականութիւնը։
Վերջերս կրկին այս վտանգին մասին բաց, ուղիղ եւ պատասխանատու ձեւով խօսեցաւ եւ բարձրաձայնեց ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, որ յստակօրէն շեշտեց՝ հարցը անձի մասին չէ, Նիկոլի մասին չէ, այլ՝ ազգային հաստատութեանց, Հայոց Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի ինքնութեան քայքայումն է: Բայց պատմութիւնը նաեւ պիտի գրէ, որ այս ամօթալի շրջանին եղան արժանապատիւ հոգեւորականներ, ազնիւ ու հզոր զինուորականներ, արդարատենչ քաղաքագէտներ եւ հայրենասէր քաղաքացիներ, որոնք ծունկի չեկան, չլռեցին եւ չվախցան։ Անոնք պահեցին ազգային ոգին, որ ոչ միայն ապրի, այլ՝ դիմագրաւէ վտանգները։
Ժամանակն է արթննալու։
Ոչ վաղը։
Ոչ ընտրութենէն ետք։
Այժմ։
Կա՛մ պիտի պաշտպանենք մեր ինքնութիւնը, մեր Եկեղեցին, մեր յիշողութիւնը եւ մեր արժանապատուութիւնը, կա՛մ ալ պիտի նայինք, թէ ինչպէ՛ս ուրիշները պիտի վերասահմանեն, բաժնեն ու ջնջեն զայն։
Ազգ մը, որ կը դադրի պայքարելէ, կը չքանայ ոչ թէ զէնքի ուժով, այլ լռութեամբ եւ անտարբերութեամբ:
Եկէք պահպանենք այն, ինչ հայկական է, նախքան ուրիշները սկսին որոշել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «հայկական»։
Վահէ Ա.
Վանգուվըր