Երբ Թշնամիդ Լկտիաբար Պայմաններ Կը Թելադրէ, Այդպիսի Խաղաղութիւն Հնարաւո՞ր է. Արթուր Խաչատրեան՝ Անդրանիկ Քոչարեանին
- (0)

Այսօր կայացած Ազգային Ժողովի նիստի ընթացքին, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ անդամ Արթուր Խաչատրեան դիմելով Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնախումբի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանին, հարցուց՝ «Կրնա՞ք նշել խաղաղութեան այնպիսի դէպք մը, երբ քու դրացի երկրիդ զօրքերը կը գտնուին քու երկրիդ մէջ, երբ թշնամիդ կոպտօրէն եւ լկտիաբար կը միջամտէ քու ներքին գործերուդ, հրահանգներ կու տայ, պայմաններ կը դնէ։ Այդպիսի խաղաղութիւն հնարաւո՞ր է»։
Քոչարեան, իր կարգին՝ խուսափելով հարցումին պատասխանելէ, միասնականութեան լղոզուած յայտարարութիւններ ըրաւ։
Ապա Խաչատրեան աւելցուց՝ հարցնելով, թէ եթէ իշխանութիւններու պնդումներուն համաձայն՝ իսկապէս խաղաղութիւն հաստատուած է այսօր, ապա ինչո՞ւ Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած Փաշինեան–Թրամբ–Ալիեւ հանդիպման ընթացքին այսպէս կոչուած խաղաղութեան պայմանագիրը պարզապէս նախաստորագրուեցաւ, եւ վերջնական ստորագրութիւն տեղի չունեցաւ։
Յաւելեալ մանրամասնութիւնները դիտեցէք տեսանիւթով։