Երբ երկիր մը կը բաղձանք
- (0)

ՔՐԻՍՏԻԱՆ ՎԵԶԻՆԱ
Թրգմ. ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Անգամ մը եւս նոյն այս բանաստեղծ, հրապարակագիր ու բեմի նուիրեալ հեղինակէն՝ Christian Vézina-էն կը թարգմանեմ իր մէկ նոր յօդուածը՝ Le désir d’un pays («Բաղձանքը երկրի մը»), որ լոյս տեսաւ Լը Տվուար (Le Devoir) օրաթերթի 12 յունուար 2026-ի թիւին մէջ՝ Souverainisme (Ինքնիշխանութիւն) վերտառութեան տակ։
Յօդուածը, որմէ զեղչած եմ որոշ պարագայական հատուածներ, ուշագրաւ է յատկապէս իր գրական ոճով, օգտագործուած բառերով (երբեմն նորաստեղծ բառերով, որոնց համար ալ ստիպուած ենք նորաբանութիւններ առաջարկել) ու մանաւանդ այն ոգիով, որմէ զուրկ կը թուի ներկայ հասարակութիւնը՝ Քեպէգի անկախացման համաձայն ըլլայ կամ ոչ։ Այդ ոգին է, որ կը պահէ համայնք մը, հաւաքականութիւն մը, կամ ազգ մը։ Քանի մը մանրամասնութեան փոփոխութեամբ, մեզի ալ չի՞ վերաբերիր ըսուածը…
Երկիր (Pays)։ Խորապէս կը սիրեմ այս բառը։ Իր ձայնականութիւնը, իր ուղղագրութիւնը, իր գրապատկերը, ամեն բան կը սիրեմ։ Զայն գեղեցիկ կը գտնեմ։ Ան ինծի համար կ՚ոգեկոչէ բնապատկերը, գիւղացին։ Գետը, ծառը, տունը, գռիհը։ Առաջին վանկը կը հնչէ որպէս կանչ մը, զոր երկրորդը կ՚երկարէ մինչեւ որ անհետանայ հորիզոնին վրայ։ Մանաւանդ ձմեռը։ Ի դէպ, երկիրները հորիզոններու խնդիր են սահմաններէ առաջ։ Գաղթատէրերը գծած են շատ սահմաններ, որոնք մեծ ճիգերով, – եւ մեծ դժուարութեամբ, – երկիր կը ստեղծեն։
[…]
Նաեւ կը սիրեմ, որ այս բառը կ՚աւարտի ‘s’ տառով՝ ձեւով մը անուղղելի յոգնակի մը ընելով։ Ամեն երկիր, մենութեան մը նման, ուրիշներ կը ստեղծէ, ինքն ալ ինքնանորոգուելով հանդերձ եղանակներուն պէս, որոնք միշտ նոյնն են, բայց երբեք նոյնանման։ Կը սիրեմ ինչ որ արմատ կը նետէ, որ կը կառչի, որ կը յայտնաբերէ լեզուի ժամանակի շերտերը։ Երկիրը հող մըն է, եւ հողը մահն է ու կեանքը՝ միաձուլուած։ Մահը հինին, որ կը սնուցէ ապրողին դաշտը, որուն մշակոյթը կը սնուցէ երգը։
Ինքնութիւնը չարիք մը չէ, բացի անոնց համար, որոնք, ինչպէս ճամբարներուն մէջ, կը նախընտրեն մեզ համարակալել, – կամ մեծ տուեալաշարին (big data) մէջ՝ մեզ թուայնացնել։ Մեր անհատական ու հաւաքական ինքնութիւններուն են, որ կը սպառնայ արուեստական բանականութիւնը (AI). ինքնութիւնը ինքզինքիդ պատումն է ուրիշին, եւ ինքզինքիդ համար նոյնպէս՝ պահելու համար կեանքի թռիչքը։ Եւ մահը պարտութեան մատնելու համար քիչ մը, ի՞նչ կայ աւելի լաւ քան անուանուիլը։ Սկիզբը ան՝ ինքնութիւնը, ծինային է ու եզակի, բայց շուտով պիտի դառնայ հաւաքական՝ ընտանեկան, բարեկամական, տարածքային, մասնագիտական, մշակութային, ազգային, տեսակային, կենսաբանական՝ մնալով միշտ անհատական։
Ներառման այս բոլոր հարթակներուն մէջ ամենէն հետաքրքրականներէն է ազգային ինքնութիւնը։ Ընդհանրապէս, ընտանիքիդ կամ բարեկամներուդ փոխկապակից զգալը բնական է։ Կամ հանուր մարդկութեան հանդէպ սիրով թրթռալը շա՛տ աւելի դիւրին է քան համաձայնիլ դրացիիդ հետ, կամ քուկինէդ տարբեր թերթի մը ընթերցողին հետ։ Ազգային ինքնութիւնը ի սկզբանէ կը ստիպէ ստեղծել մենք մը, որ կը համախմբէ բազմաթիւ տարբերութիւններ ու տարաձայնութիւններ։ Անոր կը հասնինք առնչուելով, ճանաչումով, մշակոյթով, կարիքով, համախոհութեամբ։ Հողին միջոցաւ եւ հորիզոնին։
Առաւել, ներկայիս, ազգային ինքնութիւնները, ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու այլազանութիւնը համագործութեամբ կը հանդիսանան պատնէշ մը, ուժերու ամբողջութիւն մը, որ կրնայ ունենալ կարողութիւնը ընդդիմանալու համաշխարհայնացած ելեւմտատիրութեան եւ թուայնացման, որոնք մեզի կը սպառնան անառողջ միօրինակութեամբ եւ ընդարձակ ստրկութեամբ։ Այդ պատճառաւ ալ է, որ ունեցողներն ու վայրագները (որոնց միացումը կը սահմանէ ֆաշականութիւնը) կը փորձեն իւրացնել ազգային պատկանելութեան զգացումը, զայն աղաւաղելու համար՝ իրենց զոհերը շողոքորթելով ցասման ու բացառման ուղղութեամբ։
Քեպէգ երկիրը, ոմանք զայն կ՚ուզեն հաշուական պատճառներով, տակաւին ուրիշներ՝ քինախնդրական դրդապատճառներով, բայց «այո» քուէարկողներու մեծամասնութիւնը այդպէս կ՚ընեն, որովհետեւ կը բաղձան զայն՝ այս երկիրը։ Այո, կը բաղձան։ Ճիշտ բառն է այդ։
[…]
Մենք զաւակներն ենք մարդոց, որոնք հորիզոնը կտրած-անցած են իրենց ընտանիքներուն համար ապագայ մը հնարելու համար, որոնք կերտած են այս մշակութային ու ընկերային հրաշքը, որ Քեպէգ կը կոչուի՝ կացինի հարուածներով, մանրուքներով [ինք կը գործածէ cennes noires ռամկերէն արտայայտութիւնը փոխան cents բառին՝ տոլարի մը հարիւրերորդները իմաստով], իմաստութեամբ, հնձուած խոտի ճամբորդութիւններով, ժայռի ցանկապատներով եւ յանդգնութեամբ։ Այո՛, ատո՛վ է, որ եղած են մեր համալսարանները, մեր մեծ թատրոնները, մեր հաստատութիւնները։ Յարգանք ու հպարտութիւն՝ ընդունուա՛ծ ըլլալով։
[…]
Աշխարհի վիճակը կը բացագանչէ՝ այնքան բան ունինք վերակերտելու քաղաքականօրէն, տնտեսականօրէն, ընկերայնօրէն, մշակութայնօրէն. լաւ պահ մըն է, – ոչ դիւրին, բայց անշրջանցելի, – կերտելու համար նոր երկիր մը։
[…]