«Եթէ Հայաստան Իր Օրէնսդրութիւնը Բնական Չդարձնէ, Խաղաղութեան Համաձայնագիր Պիտի Չըլլայ». Ալիեւ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 14 Փետրուարին իր երդմնակալութեան յաջորդած ելոյթին մէջ դարձեալ Հայաստանին սպառնալիքներ հնչեցուց:
«Եթէ մեզի նկատմամբ տարածքային պահանջներուն վերջ չդրուին, եթէ Հայաստան իր օրէնսդրութիւնը բնական չդարձնէ, բնականաբար, խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի չըլլայ», ըսաւ Ալիեւ` շարունակելով. «Մենք Հայաստանի տարածքին նկատմամբ յաւակնութիւններ չունինք, բայց իրենք ալ պէտք է հրաժարին իրենց պահանջներէն: Մեզի հետ անհիմն պնդումներու եւ սպառնալիքի լեզուով խօսիլը սուղ պիտի արժէ, եւ այդ մէկը հաւանաբար բոլորն ալ կը տեսնեն»։
Ան նշեց, թէ Երեւան պէտք է կատարէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները, սակայն չ՛ուզեր հրաժարիլ «կեղտոտ գործերէ»:
«Հայաստան կարծես թէ մոռցած է Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին հետեւանքները: Կամ հաւանաբար մէկը զանոնք կը խրախուսէ, որ ընդհանրապէս չկատարեն պարտաւորութիւնները», շեշտեց Ալիեւ։
Երեւան արձագանգեց անոր այս յայտարարութեան ՝ դիտել տալով, որ Հայաստանի օրէնսդրութիւնը երկրին ներքին գործն է։ «Հայաստանի օրէնսդրութիւնը ՀՀ ներքին գործն է, եւ որեւէ արտաքին ուժ իրաւունք չունի միջամտել մեր երկրի ներքին գործերին», յայտարարեց Հայաստանի վարչապետի բանբեր Նազելի Բաղդասարեան։
Ալիեւ իր խօսքին մէջ նաեւ դիտել տուաւ, որ «Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ միջնորդներու կարիք չունին»։
«Ես նախապէս ալ ըսած եմ, հիմա ալ անգամ մը եւս կ՛ուզեմ կրկնել այս բարձր ամպիոնէն` մենք մեր հարցերը լուծած ենք: Կը կարծեմ, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը պէտք է դուրս բերուի միջազգային օրակարգէն, որովհետեւ բոլորը կը զբաղին այս հարցով: Գացէ՛ք, ձեր գործերով զբաղեցէք», ըսաւ Ալիեւ։
Ըստ անոր` Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու թեման արհեստականօրէն կ՛ուռճացուի:
«Հայաստանի հովանաւորները կ՛ուզեն անընդհատ քննարկել այս հարցը, ջանքեր գործադրել, վերմակը իրենց վրայ քաշել եւ իբրեւ միջնորդ հանդէս գալ», յայտարարեց Ալիեւ:
Comments are closed.