ԵԱՀԿ-ը Հայաստանի ընտրական միջավայրը կը բնորոշէ որպէս խիստ բեւեռացուած

ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակը (ԺՀՄԻԳ) իր միջանկեալ զեկոյցին մէջ արձանագրած է, որ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները կը կայանան խիստ բեւեռացուած քաղաքական միջավայրի մէջ։ Դիտորդներուն համաձայն՝ այս մթնոլորտը ձեւաւորուած է 2023-ի սեպտեմբերի դէպքերէն եւ 2025-ի օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագրի նախաստորագրութենէն ետք ստեղծուած զարգացումներուն ազդեցութեամբ։

Զեկոյցը կը նշէ, որ ընտրական միջավայրը մեծապէս պայմանաւորուած է խաղաղութեան համաձայնագրի վաւերացման ու կիրարկման, սահմանադրական փոփոխութիւններու եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական ուղղուածութեան վերաբերող հարցերով։ ԺՀՄԻԳ-ը նաեւ բեւեռացման կարեւոր պատճառներու շարքին կը դասէ իշխանութիւններուն եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր ներկայացուցիչներու նկատմամբ յարուցուած քրէական գործերը։

Դիտորդները կը նշեն, թէ քարոզչութիւնը ունի կոշտ եւ պառակտիչ բնոյթ, յատկապէս «Իրական Հայաստան» ծրագրին, խաղաղութեան գործընթացին եւ եկեղեցւոյ կարգավիճակին շուրջ։ Ընդդիմադիր շրջանակներ եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ մտահոգութիւն յայտնած են վարչական միջոցներու չարաշահման, պետական համակարգին մէջ բաժնուած պարգեւավճարներու, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիրներու նկատմամբ քրէական հետապնդումներու առնչութեամբ։

Լրատուական միջավայրին անդրադառնալով՝ ԺՀՄԻԳ-ը զայն բնորոշած է որպէս բազմակարծիք, սակայն քաղաքական ազդեցութիւններու նկատմամբ խոցելի։ Զեկոյցին մէջ առանձին նշուած է նաեւ, որ որոշ զրուցակիցներ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութիւն կը դիտարկեն որպէս կառավարութեան աջակցող կառոյց։