Դոկտ Նորա Արիսեան կը ստանձնէ Հայաստան-Սուրիա Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակցութեան նախագահութիւնը
Սուրիոյ Խորհրդարանի թիւ 90 թուակիր որոշումին հիմամբ, Սուրիոյ Խորհրդարանի հայ անդամ դոկտ. Նորա Արիսեան կ’որոշուի Հայաստան-Սուրիա Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակցութեան նախագահ:
Վերոնշեալ խմբակցութիւնը կը բաղկանայ 11 անդամներէ, որուն միակ հայ անդամն է Դոկտ. Արիսեան: Որոշումը կը պարունակէ նաեւ խմբակցութեան գործունէութեան մասին կարճ բացատրութիւն մը, ըստ որուն խմբակցութեան կազմաւորման նպատակն է սերտ կապեր հաստատել Հայաստանի Խորհրդարանին հետ, ինչպէս նաեւ ամրապնդել կապերը Հայաստանի մէջ սուրիահայ համայնքին հետ: Որոշումի գործադրութեան թուականն է 6 Մարտ 2017:
Նշենք, որ Խորհրդարանական վերջին ժողովին, որ տեղի ունեցաւ այսօր՝ 6 Մարտ 2017-ին, Դոկտ. Արիսեան խօսք առած է Հայաստան-Սուրիա դիւանագիտական յարաբերութեանց 25-ամեակին առթիւ, որուն մէջ ան նշած է, թէ Հայաստանի անկախութենէն ետք Սուրիան արաբական առաջին երկիրն էր, որ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ մշակեց, 6 Մարտ 1992-ին ստորագրելով այդ առնչութեամբ համաձայնագիր մը Դամասկոսի մէջ: