Դիմադրութեան շարժման երիտասարդութեանը

Իրանի Իսլամական խորհրդարանում Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան նախկին պատգամաւոր, «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի նախկին խմբագիր դոկտ. Կարէն Խանլարեանը ֆէյսպուքեան գրառմամբ դիմել է հայ երիտասարդութեանը.

«Սիրելի երիտասարդ ընկերներ, պարզից էլ պարզ է, որ Դիմադրութեան շարժման բուն բովանդակութիւնը՝ հայ ժողովուրդի հայրենատիրական իրաւունքների՝ Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքի վերականգնման եւ Հայրենի բռնագրաւուած տարածքների ազատագրման հարցն է։ Բովանդակութիւն, յանուն որի դուք ներգրաւուել էք տուեալ շարժման մէջ։ Հետեւաբար ձեր ներգրաւուածութիւնը գերազանցապէս ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ երեւոյթ է, իր էութեամբ։

Ինչքան աւելի խորացնէք ձեր ակտիւութեան գաղափարական բնոյթը, այնքան աւելի Շարժումը կը պաշտպանէք այլեւայլ հարուածներից, եւ այնքան աւելի Շարժման ընթացող նաւը կ՚ապահովէք քաղաքական փոթորիկներից ու վայրիվերումներից։

Այս առումով այժմէական եւ ուսանելի է ՀՅԴ 75-ամեակի առիթով ՀՅԴ Բիւրոյի կոչի հետեւեալ բաժինը․ «Կարելի է մեղադրել Հ․ Յ․ Դաշնակցութիւնը այս կամ այն պարտութեան համար, այս կամ այն վրիպումին համար։ Կարելի չէ սակայն ամբաստանել զայն հայ ժողովուրդին համար զոհաբերելէ խուսափած ըլլալու մեղադրանքով։ Ամէն անգամ, որ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը զինք հանած է ճակատագրական րոպէներու դիմաց, միշտ եւ ամենուրեք ներկայ եղած է Հ․ Յ․ Դաշնակցութիւնը, մի՛շտ առաջին գծի վրայ, մի՛շտ զոհուելու, զոհաբերելու պատրաստ։

Այս իրողութիւնը գիտակցեցաւ հայ ժողովուրդը ու լայն բացաւ իր հոգին Հ․ Յ․ Դաշնակցութեան առջեւ։ Այս իրողութիւնը գիտակցեցան նաեւ բոլոր անոնք, որ հայ ժողովուրդը հարուածել կ’ուզէին, հայ ժողովուրդին հայրենի հողերուն բռնագրաւումը կը ծրագրէին ու իրենց առաջին հարուածը, տեւական հալածանքը վերապահեցին հայ ժողովուրդի ազատութեան, անկախութեան եւ հողերու ամբողջացման իտէալը մարմնաւորող ու այդ իտէալի իրականացման համար ամբողջական զոհաբերութեան պատրաստ միակ կուսակցութան՝ Հ․ Յ․ Դաշնակցութեան։

Ո՛րքան հալածեցին, դատեցին, դատապարտեցին զայն, ա՛յնքան ան արմատացաւ ժողովուրդի լայն խաւերու մէջ։

Ո՛րքան պայքարեցան ազատութեան ու անկախութեան դէմ, ա՛յնքան ան դարձաւ հիմնական պահանջը հայ ժողովուրդին։Ինչքան խլած պահեցին հայ Հայրենիքէն իր անբաժանելի մասը եղող հողամասերը, այնքան մտասեւեռում դարձաւ գերեալ հողերու ազատագրման պահանջը»։

(«Հայրենիք» օրաթերթ, 1965 հոկտեմբերի 28, Պոսթոն, Առաջին էջ)»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.