Մարտ 19, 2025
Դեսպան Էնտրու Թըրնըր հանդիպեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ
- (0)

Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպան Էնտրու Թըրնըր Փետրուար 22-ին այցելեց Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Գանատա-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Քննարկման ընթացքին Հայ Դատի պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուեցան յանձնախումբի մտահոգութիւններն ու առաջարկները կապուած բռնի տեղահանուած Արցախի ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան գծով Գանատայի աջակցութեան։