Դեկտեմբեր 7 – Երկրաշարժի օր չէ միայն, այլ հաշուետուութեան եւ վերարժեւորումի

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

37 տարիներ առաջ, 1988 թուականի Դեկտեմբեր 7-ին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի պատմութեան մէջ սարսափազդու եւ աւերիչ երկրաշարժը, որ աւելի քան 25 հազար հայորդիներու կեանքը խլեց եւ տասնեակ հազարաւոր հայեր անտուն ու անօթեւան ձգեց։

Դեկտեմբեր 7-ը թուանշան մը չէ միայն օրացոյցին վրայ․ ան հայուն ցաւի ու ողբի տարեթիւն է, տարեթիւ մը նաեւ վերարժեւորումի ու հաշուէտուութեան օր։

1988 թուականին Հայաստանը խորտակուեցաւ ահաւոր երկրաշարժով։

Կառոյցներ ու շէնքեր սարսափազդու քարակոյտերու վերածուեցան, անոնց մէջ մարմիններ կորսուեցան, բայց հայրենիքն ու պետութիւնը կանգուն էր իր իսկ խղճին մէջ՝ մեր լեռներուն պէս։

Ահաւոր կացութեան մէջ մայրեր իրենց զաւակները փնտռեցին փլատակներուն մէջ, հայրեր ձեռքերով քար փշրեցին ոչ որովհետեւ ուժ ունէին, այլ որովհետեւ ուրիշ ճար չունէին։

Այո՛, Դեկտեմբեր 7-ին երկիրը դղրդաց եւ դարձաւ խոցուած ու աղէտալի, հայ բեկորներ ցնցուեցան, բայց երբեք չսասանեցան։

Եւ այսօր Սփիւռք–Հայրենիք ապրեցանք՝ ոչ որովհետեւ մոռցանք աղէտը, այլ որովհետեւ ուզեցինք ապրել՝ ոտքի կանգնելու վճռականութեամբ։

Այսօր սակայն, 37 տարի ետք, Հայաստանը կրկին կը ցնցուի՝ոչ բնութեան երկրաշարժի դղրդիւնով, այլ մեր իսկ դաւաճանատիպ իշխանութեան սատանայական ծրագիրներով։

Այսօր փլուզումի կ՚ենթարկուին ոչ թէ հայրենիքի ամրակուռ շէնքերը, այլ փլուզումի ենթակայ են Արամ Մանուկեաններէն մեզի ժառանգ մնացած անկախ հայրենիքն ու գերեվարուած Արցախը։

Արցախ հայաշխարհը փուլ եկաւ ՀՀ դաւաճանատիպ վարչապետի ստորին քաղաքական հաշիւներուն պատճառով՝ պատճար դառնալով տասնեակ հազարաւոր հերոսածին զաւակներու նահատակութեան,
Արցախահայութեան բռնի տեղահանութեան։

Եւ այս բոլորը կատարուեցան՝ոչ բնութեան աղէտով,այլ քաղաքական դաւաճանութեամբ։

Այսօր նոյն այդ դաւաճան իշխանութիւնը ձեռքը երկարած է Հայոց Առաքելական Եկեղեցիին։

Ահաւոր է պատահածը մեր հայրենիքին մէջ, եւ յատկապէս լուսաւորչակերտ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին շրջակայքին ու զանազան եկեղեցիներու մէջ։

Հայրենի իշխանութիւններուն եւ յատկապէս այսպէս կոչուած վարչապետին կողմէ կատարուած անվայել հալածանքները Ամենայն Հայոց ազգընտիր եւ սրբալոյս միւռոնով օծուած Հայրապետին դէմ ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու ձերբակալութիւնները խորապէս կ՛ընկճեն համայն հայութեան հոգեւոր ու հոգեկան աշխարհը, եւ կարծէք Յոբի համբերութիւնն անգամ պիտի սպառէր ի տես այս խայտառակութիւններուն։

Պատերազմ, ցաւ, արհաւիրք, տեղահանութիւն եւ կոտորած՝ անցնող 7 տարիներուն կարծես հայ մարդուն անբաժան ընկերակիցներ դարձած են։

Արցախի եւ արցախահայութեան վէրքերը տակաւին չսպիացած,նոր արիւնահոսութիւն մը կը դիմագրաւէ այս անգամ հայրենի մեր ժողովուրդը, եւ այսպէս հայուն ցաւն ու վէրքը անվերջ կը կուտակուին։

Սակայն Եկեղեցին հայկական, որ կանգուն մնացած է դարերու պատերազմներու, կոտորածներու ու հալածանքներու ընթացքին, երբեք չէ խոնարհած ո՛չ սուլթաններուն եւ ո՛չ մէկ պիղծ աթոռի առջեւ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը խոցուի,ազգընտիր Հայրապետն ու տասնեակ հոգեւորականներ կը թիրախաւորուին,որովհետեւ Եկեղեցին չխոնարհեցաւ եւ չծառայեց իշխանութեան սնանկ աթոռին։

1988-ին մեր երկրի սրտին հարուած տուող աղէտալի թշնամին՝ բնութիւնն էր։

Այսօր՝ մեր թշնամին մեր իսկ պետական համակարգը ու վարչապետն է։

Դեկտեմբեր 7-ը այսօր մեզ կը յուշէ, թէ հայ ժողովուրդը փիւնիկի նման փլատակներէն վեր բարձրացաւ, բայց հողին մէջ մեր լեզուն, եկեղեցին ու արժանապատուութիւն չթաղեց։

Գրառումս յիշատակի անդրադարձ չէ միայն, այլ նաեւ ցասումի ու բողոքի արտայայտութիւն է՝ Արցախը դատարկողներուն, Եկեղեցին հալածողներուն, եւ պետութիւնը օտար շահերու ծառայեցնողներուն դէմ։

Իսկ քեզի, հայ ժողովուրդ,մինչեւ ե՞րբ պիտի դիմանաս քու լռութեամբ։

Դեկտեմբեր 7-ը օր մըն էր,երբ քարերը կործանեցին Սպիտակի եւ Գիւմրիի հայրենի օճախները։

Չթողունք, որ ՀՀ դաւաճանատիպ քաղաքական փլատակներն ու դատարկամիտ վարչապետը կործանեն մեր անգին ազգը եւ հայրենիքը։


Թորոնթօ

Դեկտեմբեր 7 2025