Դաւիթ Իշխանեան Պաքուի մէջ դատապարտուեցաւ ցմահ ազատազրկման
- (0)

Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ՝ Դաւիթ Իշխանեան Պաքուի մէջ դատապարտուեցաւ ցմահ ազատազրկման։
Պաքուի դատարանը ցմահ ազատազրկման դատապարտեց նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Պապայանը, Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը եւ զօրավար Դաւիթ Մանուկեանը։
Նոյն դատական գործով Արցախի նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանն ու Արկադի Ղուկասեանը դատապարտուեցան 20 տարուան ազատազրկման։