Դաւիթ Իշխանեանին Կինը Կը Խօսի Իր Ամուսինին Առողջական Վիճակին Եւ Անոր Հետ Կապ Հաստատելու Դժուարութեան Մասին

Horizon Weekly Newspaper

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան շուրջ մէկուկէս տարիէ ի վեր բանտարկուած կը մնայ Պաքուի մէջ: Անոր` Պաքուի մէջ յայտնուելուն, առողջական վիճակին, պահման պայմաններուն եւ ընթացող դատավարութեան մասին ABC Media-ի լրագրող Գառնի Մութաֆեան զրուցեց անոր կնոջ` Յասմիկ Սարգսեանի հետ:

Պատասխանելով հարցումին, թէ Դաւիթ Իշխանեանի գերի իյնալու զանազան վարկածներ կան. կ՛ըսուի, որ ինք պահանջուած անձերու ցանկին մէջ չկար, բայց Արցախի երեք նախագահներուն հետ ձերբակալուեցաւ, Սարգսեան ըսաւ. «Մենք ալ միայն այդ վարկածներուն մասին գիտենք: Ինք մեզի հաւատալ կու տար, որ իր անունը չկայ Ազրպէյճանի պահանջած անձերու ցանկին մէջ, կ՛ըսէր, որ անհոգ ըլլանք, չմտահոգուինք, դուրս գանք Արցախէն, իսկ ինք անպայման պիտի գայ: Այլ տեղեկութիւն չունինք, որովհետեւ երբ հասանք Երեւան, այլեւս չէինք կրնար կապ հաստատել Դաւիթին հետ, կապ չկար: Մեր զաւակները իրենց ընտանիքիներուն հետ սեպտեմբեր 28-ին դուրս ելան Ստեփանակերտէն, իսկ ես` սեպտեմբեր 30-ին, պայմանաւորուած էինք, որ ինքն ալ հոկտեմբեր 3-ին պիտի գայ»:

Խօսելով Արցախէն Երեւան ուղեւորութեան մասին` Սարգսեան ըսաւ, որ ինչպէս բոլոր արցախցիները` իրենք Արցախէն դուրս եկան, Դաւիթ Իշխանեանի ընտանիքը ըլլալը յատուկ դժուարութիւններ չէ պատճառած:

Լրագրողը հարցուց Դաւիթ Իշխանեանի առողջական հարցերուն, ինչպէս նաեւ ներկայիս անոր պահման պայմաններուն եւ դատավարութեան ընթացքին մասին:

Սարգսեան հաստատեց, որ ան առողջական հարցեր ունէր: «Ունէր ողնաշարի, լեղապարկի, մարսողական համակարգի խնդիրներ: Չեմ կրնար ըսել, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ է, Դաւիթը չի սիրեր տրտնջալ, գիտէ, որ շատ մտահոգ ենք իրմով: Երբ խօսինք, կ՛ըսէ, որ լաւ է, ամէն ինչ բնական է: Պահման պայմաններուն մասին ալ կ՛ըսէ` ամէն ինչ լաւ է: Հիմա փաստաբանը փոխուած է, սակայն նախորդը մեզի հետ պարբերաբար կը կապուէր, ինչ որ պէտք է, կը հասցնէր, իսկ նոր փաստաբանը կապ չի հաստատեր մեզի հետ: Փաստաբանը փոխուած է նախքան դատավարութեան մեկնարկը: Նախորդ փաստաբանը առողջական հարցեր ունեցած է, նոյնիսկ երկար ժամանակ չէր կրցած այցելել Դաւիթին, իսկ նոր փաստաբանին հետ տակաւին չենք կապուած», ըսաւ Սարգսեան:

Սարգսեան մտահոգութիւն յայտնեց Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակի փակման համար: «Այդ լուրը շատ ցաւալի է, որովհետեւ Կարմիր խաչը հսկայական գործ ըրած է` նամակներ, նկարներ, տեղեկութիւն` առողջութեան մասին, այս ամէնը այդ կազմակերպութեան միջոցով կ՛ընէին: Իսկ թէ ո՛վ այս բոլորով պիտի զբաղի անոնցմէ ետք` տակաւին չենք գիտեր: Ասիկա մեզի համար չափազանց մտահոգիչ է», նշեց ան:

Անդրադառնալով Հայաստանի կառավարութենէն եղած ակնկալութիւններուն եւ իշխանութեան այն խօսքերուն, թէ այս ուղղութեամբ աշխատանք կը տանին, Սարգսեան ըսաւ. «Ոչ մէկ աշխատանք տեսանելի է, բայց կ՛ուզեմ հաւատալ, որ կ՛աշխատին, սակայն որեւէ արդիւնք չենք տեսներ: Կ՛ակնկալենք աւելի աշխուժ  աշխատանք»: