Դատարանը վերացուց Լիտիա Մանթաշեանի կալանքը
- (0)

Դատարանի որոշումով վերացուած է «Սրբազան պայքար»ի գործով ընթացող Լիտիա Մանթաշեանի կալանքը։ Առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ դատաւոր Կարէն Ֆարխոյեանի նախագահութեամբ, բաւարարեց այս ուղղութեամբ իրաւապաշտպաններու կողմէ ներկայացուած միջնորդութիւնը։
Դատարանը Մանթաշեան նկատմամբ սահմանեց վարչական հսկողութիւն եւ 2,5 միլիոն դրամ գրավ, կը հաղորդէ «Aysor.am»-ը։
Մինչ որոշման կայացումը, գլխաւոր դատախազութեան շէնքին առջեւ նստացոյց մը կը կատարուէր՝ Մանթաշեանը ազատ արձակելու պահանջով։
Ազգային ժողովի անկախ պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեան այսօր պաշտօնապէս դիմած էր Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանին՝ պահանջելով նախաձեռնել միակ կին քաղբանտարկեալ Լիտիա Մանթաշեանի նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոցին հրատապ փոփոխութիւնը։
Անցող օրերուն Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրեական դատարանը երեք ամիսով երկարաձգած էր Մանթաշեանի կալանքի ժամկէտը, ինչ որ խոր դժգոհութիւն յառաջացուցած էր հանրային շրջանակներուն մօտ, նկատի ունենալով որ գրեթէ նոյն մեղադրանքով կալանաւորուած տասը տղամարդ ազատ արձակուած էին։