Դատարանը Յետմահու Մեղաւոր Ճանչցաւ Փաշինեանը Քննադատողը…

 Յարութ Սասունեան

Այս շաբաթուան լուսաբանումը դաս է բոլոր անոնց, որոնք միամտաբար կը հաւատան բոլոր այն բաներուն, զորս կը լսեն կամ կը կարդան, իսկ յետոյ չհիմնաւորուած պատմութիւնները կը փոխանցեն ուրիշներու: Այսպիսով, անոնք իրականութեան մէջ կ՛օգնեն տարածել կեղծ լուրերը: Երբ ոեւէ մէկը ձեզի «լուր» մը տայ, դուք միշտ պէտք է հարցնէք՝ «Ո՞րն է Ձեր աղբիւրը»: Երբ պատասխանը հետեւեալն է՝ «Ես այդ լսած եմ ուրիշներէ», անմիջապէս մերժեցէք ինչ որ ըսած են ձեզի: Շատ կարեւոր է ստուգել ատոնք, որպէսզի անհիմն լուրեր չտարածէք այլոց շրջանակին մէջ:

Մեզմէ անոնք, որոնք կը զբաղին լրատուական գործունէութեամբ, աւելի մեծ պատասխանատուութիւն կը կրեն  աչալուրջ  ըլլալու համար, քանի որ եթէ մենք չվերստուգենք այն բոլորը, զորս հաղորդուած են մեզի, ապա մեղաւոր կ՛ըլլանք հազարաւոր ընթերցողներու կամ հեռատեսիլի դիտորդներու շրջանակին մէջ կեղծ լուրեր տարածելու համար։

Ահա լուրերէն օրինակ մը, որուն մասին լսած ենք վերջերս: Անցեալ շաբաթ, Հայաստանի մէջ, դատաւորը մեղաւոր հռչակեց 57 տարեկանին մահացած արտադրող Արմէն Գրիգորեանը՝ անոր մահէն մէկ տարի 5 ամիս ետք։ Լսած չըլլալով, որ մահացած մարդը կարելի է դատել եւ դատապարտել, հետաքրքրուեցայ, թէ իսկապէս նման բան եղա՞ծ է արդեօք։

Քանի որ երկար տարիներու փորձ ունիմ՝ տարբեր-տարբեր անհիմն տեղեկութիւններ լսելու, անմիջապէս կապ հաստատեցի հանգուցեալ ամբաստանեալի հայաստանեան փաստաբանին՝ Ռուբէն Մելիքեանի հետ, որ բարեացակամօրէն բացատրեց այս տարօրինակ պատմութեան հանգամանքները։

Արմէն Գրիգորեան, Մայիս 2022ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն քիչ առաջ, Հայաստանի իշխանութիւններուն դէմ բողոքի ցոյցի ժամանակ, լրագրողին ըսած է, որ ինք հաւատարիմ մնացած է իր աւելի վաղ՝ 2021ի Ապրիլին կատարած նախկին յայտարարութեան,  ըստ որուն, երկրի որոշ հատուածներուն մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմնակիցներուն կէսը թրքական արիւն ունի։ Բնականաբար, ասիկա նսեմացնող արտայայտութիւն էր, բայց եթէ երկիրը իսկապէս ժողովրդավարական է, ապա քաղաքացիները իրաւունք ունին օգտագործելու տհաճ, նոյնիսկ վիրաւորական բառեր։ Այսուհանդերձ, Գրիգորեան ոչ մէկ սպառնալիք ըրած էր, բան մը, որ  կը հակասէր օրէնքին։

Մայիս 2022ին, վարչախումբի խիստ քննադատ Գրիգորեան ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ այն յայտարարութեան համար, զոր ըրած էր ձերբակալութենէն մէկ տարի առաջ։ Անոր մեղադրանք առաջադրուեցաւ «ազգամիջեան թշնամանք հրահրելու» համար։ Անցեալին, այսպիսի մեղադրանքով մեղադրուողները վիրաւորական կամ նուաստացուցիչ մեկնաբանութիւններ կ՛ընէին Հայաստան ապրող այլ խումբերու մասին։ Սակայն նախապէս ոչ մէկ հայու մեղադրանք առաջադրուած է թշնամանք հրահրելու համար՝ հայրենակիցներու հասցէին նման արտայայտութիւններ ունենալէ ետք: Օրինակ՝ արցախցի գաղթականներու հասցէին վիրաւորական արտայայտութիւններ հնչեցուցած Փաշինեանի կողմնակիցներուն մեղադրանք չէ առաջադրուած թշնամանք հրահրելու համար։

Կալանաւորումէն երկու ամիս անց՝ 15 Յուլիս 2022ին, Գրիգորեան բանտէն բերուեցաւ դատարան՝ դատուելու համար։ Ցաւօք սրտի, դատավարութեան ընթացքին ան կորսնցուց գիտակցութիւնը եւ մահացաւ դատարանի դահլիճին մէջ, ուղեղի մէջ արեան զեղումէն կամ կաթուածէն:

Հայաստանի մէջ, երբ ամբաստանեալը կը մահանայ, անոր դատավարութիւնը կը դադրեցուի։ Սակայն, այս պարագային, ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան, ամբաստանեալի ընտանիքը իրաւունք ունի պահանջելու, որ դատավարութիւնը շարունակուի մինչեւ դատավճիռի կայացում։ Գրիգորեանի փաստաբանը բացատրեց, որ ընտանիքը կ՛ուզէր տեսնել անոր արդարացումը, թէեւ անմեղութեան կանխավարկածով (անմեղ է, մինչեւ որ մեղաւորութիւնը ապացուցուի) ան պարզապէս մեղադրուած է, բայց չէ դատապարտուած  նախքան մահանալը։ Ընտանիքը պնդած է, որ Գրիգորեանի անունը մաքրուի, քանի որ կը կարծէ, թէ ան  երբեք պէտք չէ ձերբակալուէր, մեղադրուէր եւ բանտարկուէր։

Փաստաբանը ինծի ըսաւ, որ դատավարութեան ընթացքին՝ Գրիգորեանի մահէն ետք, կառավարութեան վկան դատարանի մէջ ցուցմունք տուած է, որ ան չէ գրած այն ցուցմունքը, որ դատարան ներկայացուած է իր անունով։ Վկան ըսաւ, որ քննիչը գրած է ցուցմունքը եւ ըսած իրեն, որ ստորագրէ։

Նաեւ, դատարանին մէջ ցուցմունք տուած կառավարութեան փորձագէտը խոստովանեցաւ, որ Գրիգորեանի խօսքերը չէին կրնար համարուիլ միջ-ցեղային թշնամանքի հրահրում, որ կը նշանակէ այլ ցեղային խումբի մը անդամներու թիրախաւորում։ Գրիգորեան վիրաւորական խօսքեր օգտագործած էր միայն հայրենակիցներու՝ իր ցեղային խումբի անդամներու հասցէին։

Այսուամենայնիւ, անցեալ շաբաթ, Գրիգորեանի մահէն մէկ տարի հինգ ամիս անց, դատաւորը զայն մեղաւոր հռչակեց՝ անոր դէմ  ներկայացուած մեղադրանքին համար։ Անոր փաստաբանը ըսաւ ինծի, որ գրաւոր դատավճիռը ստանալէ ետք, ընտանեկան պարագաները մէկ ամիս ժամանակ պիտի ունենան վերաքննիչ բողոք ներկայացնելու համար, եւ թէ մտադրած են գործադրել: Եթէ անոնք պարտուին վերաքննիչ դատարանի մէջ, ապա կը դիմեն Վճռաբեկ դատարան, որ կը լսէ վերաքննիչ դատարաններու որոշումներու դէմ բողոքները: Եթէ անոնք հոն եւս ձախողին, ապա կը դիմեն Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան։

Ուսումնասիրելով, թէ Հայաստանի մէջ ինչպէ՞ս տեղի կ՛ունենայ դատավարութիւն, եւ մահացած մարդը մեղաւոր կը ճանչցուի, ես կ՛ուզէի գիտնալ, թէ արդեօ՞ք նման դատավարութիւններ եղած են այլ երկիրներու մէջ եւս։ Զարմանալիօրէն, ես գտայ քանի մը դէպքեր հին եւ նորագոյն պատմութեան մէջ, երբ այլ երկիրներու մէջ դատավարութիւններ տեղի ունեցած են մեղադրեալներու մահէն ետք, եւ թէ անոնք յետմահու մեղաւոր ճանչցուած են:
 
Յարութ Սասունեան

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Comments are closed.