Դաշնակցութիւնը ապրող կամք է, շարունակուող պայքար եւ հայ ժողովուրդի վաղուան անժխտելի պահապանն ու երաշխիքը
- (0)

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Դար մը եւ երեսուն հինգ տարիներ կը բաժնեն մեզ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ծննդեան թուականէն։ Արդ, անոր փառաւոր անցեալին հայեացք մը ուղղելով՝ այսօր նոր տեսիլքներով եւ անխախտ յանձնառութեամբ ան կը դիմաւորէ նաեւ ապագան։ 135-ամեայ, բայց մշտապէս երիտասարդ այս կուսակցութիւնը ամրապինդ հաւատքով կը խտացնէ իր շարքերը երդուեալներու հսկայ փաղանգով, պատրաստ՝ դիմագրաւելու Հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած ազգային, ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային ամենաբարդ մարտահրաւէրները։
Հայ ժողովուրդի հայրենատենչ երկունքէն ծնունդ առած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը դարէ մը աւելի կերտեց կազմակերպչական ամուր կառոյցներ, ներդրաւ անհաշիւ զոհաբերութիւններ եւ դրոշմեց մեր պատմութիւնը հայրենանուէր ու ազգանուէր պայքարով։ Դաշնակցութիւնը եղաւ ոչ միայն քաղաքական կուսակցութիւն, այլ համահայկական շարժում, որ միաժամանակ գործեց իբրեւ ազատագրական պայքարի առաջամարտիկ, պետականաշինութեան ջատագով, սփիւռքակերտումի ճարտարապետ եւ Հայ դատի անդադրում պաշտպան։
Դաշնակցութեան 135-ամեայ ուղին ամբողջացուած է հինգ հիմնական առաքելութիւններով՝ ազգային ազատագրութիւն, պետականութիւն, հայապահպանութիւն, ընկերային արդարութիւն եւ համահայկական համախմբում։ Այս հիմքերուն վրայ է, որ ան կրցաւ դիմանալ ժամանակներու փոթորիկներուն, պարտութիւններուն ու աքսորներուն՝ մնալով անշեղ իր գաղափարական առանցքին շուրջ։
Սակայն 2018-ի իշխանափոխութենէն ետք հայրենի պետական կեանքին մէջ ի յայտ եկան աննախադէպ եւ վտանգաւոր երեւոյթներ։ Թրքամէտ ու ազգուրաց ուղղուածութիւններով առաջնորդուող իշխանաւորներ ու վարչապետ՝ փորձեցին անամօթաբար մշուշապատել Դաշնակցութեան փառաւոր անցեալը, թունաւորել անոր գաղափարական ժառանգութիւնը, պիտակաւորել դաշնակցականը որպէս անբաղձալի տարր թէ՛ հայրենիքի մէջ եւ թէ՛ Սփիւռքի տարածքին։ Աւելի՛ն՝ «Ազատութիւն կամ մահ» շեփորած կուսակցութեան վեհ դրօշը անարգելու եւ նոյնիսկ «այրելու» քստմնելի բացագանչութիւններ հնչեցուցին պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներն ու նոյնինքն վարչապետ կոչուած Փաշինեանը։
Այս օրերուն հայաստանի վարչապետին քանդիչ ու բաժանարար արարքներով Հայաստանի բանտերուն մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած են չորս բարձրաստիճան հոգեւոր հայրեր, իսկ տասնեակ մը եւ աւելի հոգեւորականներ բանտարկուած՝ հայոց սուրբ եկեղեցին քաշելով քաղաքակսն պիղծ ու քանդիչ հաշիւներու մէջ։
Դաշնակցութեան համար այս խօսքերն ու մօտեցումները դատապարտելի են, զարհուրելի եւ խորապէս ոչ-հայավայել։ Անոնք կը քանդեն մեր ժողովուրդին միասնութիւնը, կը թունաւորեն մարտունակ նորահաս սերունդներու հոգիները եւ կը խոչընդոտեն անոր դէպի փայլուն ապագայ երթը։ Արդիւնքով՝ վտանգի տակ կը դրուին Հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի անկատար տենչերը՝ յագուրդ տալով մեր դարաւոր թշնամիներու անկուշտ ախորժակներուն։
Սակայն հայ ժողովուրդի հոգիին ու հայրենի հողին մէջ խարսխուած այս գաղափարական հզօր կառոյցը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, պատմութեան ընթացքին բազմիցս ապացուցած է, որ ճնշումը կը վերածէ նոր ուժի։ Նուիրաբերումի նոր չափանիշերով ան դարձեալ կը զսպանակուի՝ ընծայաբերելով իր լաւագոյնը յանուն Հայրենիքին, դաւադրաբար բռնագրաւուած Արցախ հայաշխարհին եւ հայ ժողովուրդի գերագոյն նպատակներուն՝ յանուն մեր գոյապայքարի սրբազան գործին։
135 տարիներ առաջ Դաշնակցութեան ծնունդը ոչ միայն պատմական կարեւորագոյն իրադարձութիւն մըն էր, այլ նաեւ անկիւնադարձային հանգրուան մը հայրենի եւ սփիւռքացած հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Ան հաստատ համոզումով ծառայեց ազգապահպանման ու հայապահպանման վեհ գործին՝ օտար ափերու վրայ ծնած սերունդները կապելով մեր ազգային աւանդութիւններուն ու բարքերուն, լուսաւորելով զանոնք հայոց մշակոյթի ջահով՝ այլասերման բոլոր վտանգներուն դէմ։
Դաշնակցութիւնը ստեղծեց եւ պահպանեց համահայկական կառոյցներ՝ դպրոցներ, մշակութային միութիւններ, երիտասարդական-ուսանողական կազմակերպութիւններ, մամուլ եւ հրատարակչութիւն, որոնց միջոցով սերունդներ կրթուեցան ազգային գիտակցութեամբ եւ ծառայութեան ոգիով։ Սփիւռքի մէջ ան դարձաւ ազգային ինքնութեան յենասիւն, իսկ Հայ դատի պայքարին մէջ՝ կազմակերպուած, հետեւողական եւ ազդեցիկ ուժ։
Հայ դատի աշխարհասփիւռ գործունէութեան մէջ Դաշնակցութիւնը եղաւ առաջամարտիկը՝ միջազգային ատեաններու, խորհրդարաններու եւ քաղաքական շրջանակներու մէջ բարձր պահելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ պահանջատիրութեան դրօշը։ Դաշնակցական կառոյցներու ջանքերով ձեւաւորուեցան Հայ դատի յանձնախումբեր աշխարհի չորս ծագերուն, որոնք տասնամեակներ շարունակ հետեւողական աշխատանք տարին՝ հակառակ անտարբերութեան, ճնշումներու եւ քաղաքական շահախնդրութիւններու։
Թէեւ ինքնափառաբանումը երբեք Դաշնակցութեան բառապաշարը չէ եղած, այնուամենայնիւ հարկ է արձանագրել, որ ան իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին եղած է գերազանցապէս գործի եւ զոհաբերութեան կուսակցութիւն։ Առանց զոհողութեան սահմանները ճանչնալու՝ ան հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ստեղծած է նուիրաբերումի նոր չափանիշեր։
Գործի ու զոհաբերութեան ճամբով էր, որ օսմանեան բռնակալութեան օրերուն Դաշնակցութիւնը արթնցուց հայ ժողովուրդը իր դարաւոր թմբիրէն եւ ազատագրական պայքարի դրօշը բարձրացուց նոյնինքն սուլթանին դէմ՝ յանուն հայ մարդու ազատ ու անկաշկանդ գոյատեւումին։ Նոյն ոգիով էր, որ Մեծ եղեռնէն հազիւ երեք տարի ետք Դաշնակցութիւնը կրցաւ ի մի բերել հայ ժողովուրդի բեկորները եւ վեց դարու ստրկական գոյավիճակին վերջ տալով՝ մայիսեան վարդահեղեղ ու պայծառ առաւօտ մը յայտարարեց ու կերտեց ազատ ու անկախ հայրենիքը հայոց։
1920-ական թուականներուն Դաշնակցութիւնը յանդուգն վճռակամութեամբ կուրծք ցցեց խորհրդային բռնատիրութեան դէմ՝ ամրագրելով նուիրաբերումի եզակի չափանիշ մը, որ պատկառանք ներշնչեց նոյնիսկ գերպետութիւններու մօտ։ Խորհրդային տասնամեակներուն ան Սփիւռքի մէջ վառ պահեց յեղափոխական ոգին, պաշտպանեց հայ գաղութներու ապահովութիւնը եւ իր շարքերէն նուիրեց լաւագոյն զաւակները ազգային գոյութեան վտանգուած պահերուն։
Երբ Հայրենիքի եւ Արցախի ազատամարտի ահազանգը հնչեց, Դաշնակցութիւնը դարձեալ առաջին գիծի վրայ էր Ղարաբաղի լեռներուն, Հայաստանի սահմաններուն, Երեւանի փողոցներուն եւ խորհրդարանի բեմին վրայ։ Ան եղաւ ոչ թէ պատեհապաշտ դիտորդ մը, այլ մարտնչող եւ նախաձեռնող ուժ՝ մշտապէս ականջալուր հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն։
Այսօր, երբ նոր սպառնալիքներ կը շղթայուին Հայաստանի սահմաններուն եւ ազգային անվտանգութեան կենսական առանցքներուն շուրջ, Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ մնալ զգօն պահակ։ Պատմութիւնը արդէն արձանագրած է մէկ անժխտելի ճշմարտութիւն․ սուլթանները, թալէաթներն ու էնվերները, ինչպէս նաեւ խորհրդային բռնատէրերը անցան ու չկան, մինչ Դաշնակցութիւնը կանգուն է՝ անխախտ իր հաւատամքին առջեւ եւ արմատաւորուած հայրենի հողին ու համահայկական կամքին մէջ։
Սիրելի՛ ընթերցող, այո՛, Դաշնակցութիւնը միայն քաղաքական կազմակերպութիւն չէ․ ան մշտավառ գաղափարական հնոց է։ Անոր հնոցին մէջ ձեւաւորուած ու մկրտուած են հազարաւոր ընկերներ ու ընկերուհիներ՝ Քրիստափորներու, Ռոստոմներու, Զաւարեաններու, Թեհլիրեաններու եւ բիւրաւոր ջան ֆետայիներու շունչով։ Անոնք իրենց համակ կեանքով ծառայեցին ազգային ազատագրութեան դատին, կերտեցին նուիրումի, հաւատարմութեան ու յեղափոխական անսակարկ ոգիի օրինակներ եւ սերունդէ-սերունդ փոխանցեցին Դաշնակցութեան գաղափարական ժառանգութիւնը՝ իբրեւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման ու յառաջընթացի անփոխարինելի զինանոց։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը անցեալ չէ, յուշ չէ, անուն չէ․ Դաշնակցութիւնը ապրող կամք է, շարունակուող պայքար եւ հայ ժողովուրդի վաղուան անժխտելի անձնուրաց պահապանն ու երաշխիքը։
(Թորոնթօ)