Գործադուլ, Դասադուլ Եւ Խաղաղ Անհնազանդութեան Շարժումներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Ամբողջ Տարածքին
Համապետական Հանրահաւաք` Երեւանի
Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ
Երէկ` երեքշաբթի, 22 դեկտեմբերին տեղի ունեցան Հայրենիքի փրկութեան շարժման յայտարարած գործադուլը, դասադուլը եւ խաղաղ անհնազանդութեան շարժումները Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով:
Յետմիջօրէի ժամը 12:00-էն (Երեւանի ժամանակացոյցով) բողոքի ցոյցերուն մասնակիցները հաւաքուեցան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ` շրջափակելու համար Հայաստանի կառավարութեան շէնքը եւ այլ նախարարութիւններու շէնքեր:
Դաշնակցական գործիչ Գեղամ Մանուկեան յայտնեց, որ ժամը 12:00-էն սկսեալ ամբողջ հանրապետութեան մէջ յայտարարուած է համապետական գործադուլ եւ դասադուլ, եւ ատիկա եղած է մէկ պահանջով` կառավարութեան շէնքին մէջ նստած, վարչապետի աթոռին սոսնձուած, հայրենիքը կորուստի մատնած, ժողովուրդին դաւաճանած, երկիրը պառակտած, հասարակութիւն թշնամացուցած մարդուն հեռացումը:
«Անցնող մէկ ամսուան ընթացքին մենք ունէինք մէկ կարգախօս` «Առանց Նիկոլի Հայաստան», բայց բազմաթիւ մեր հայրենակիցները կը մօտենային եւ կը խնդրէին, կ՛առաջարկէին այլեւս չտալ Նիկոլ անունը, կոչ կ՛ուղղէին կարգախօսը փոխել, քանի որ իրենց հոգեկանին վրայ սկսած է ազդել այդ անունը:
«Ան 2,5 տարուան ընթացքին հասաւ կէտի մը, որ մարդիկ կը զզուին արտաբերել Նիկոլ անունը: Եւ հիմա կ՛առաջարկեմ, որ ըսենք` «Առանց անոր Հայաստան»: Սիրելի՛ հայրենակիցներ, լուսաւոր կէտերէն մէկը, որ բոլոր հանրահաւաքներուն տեսած եմ, այն էր, որ մարդիկ իրենց զաւակներուն հետ եկած են այստեղ: Վարչապետի աթոռ գրկած մարդը մէկ անգամ ալ թող համոզուի, որ մենք մեծ ընտանիք ենք», շեշտեց ան:
«Պոլիտէկոնոմիա» հետազօտական հիմնարկի ղեկավար Անդրանիկ Թեւանեան խօսք առնելով նշեց, որ իրենց պայքարը կուսակցական չէ, ինք շարժումին միացած է իբրեւ Հայաստանի քաղաքացի, որ ունի արժանապատուութեան զգացում, եւ որ կ՛ուզէ Հայաստանը տեսնել իբրեւ անվտանգ, կայուն եւ զարգացող պետութիւն:
«Այս իշխանութիւնները վայրկեան առաջ պէտք է հեռանան», իր կարգին յայտարարեց հրապարակախօս, բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան:
Ան հարց տուաւ, թէ ո՞վ կը մտածէր, որ պիտի գայ իշխանութիւն մը, որ ժողովուրդին սէրը, նուիրումը ոտնատակ ընելով` պիտի դաւաճանէր Արցախին. «Ես որեւէ ժողովուրդի նկատմամբ ատելութիւն չունիմ, ես ատելութիւն ունիմ ոճրագործ իշխանութիւններուն նկատմամբ: Ո՞վ կը մտածէր, որ Հայաստանի մէջ պիտի գայ իշխանութիւն, որուն երազանքը պիտի ըլլար Հայաստանը դարձնել Ազրպէյճանի գաղութ եւ անոր միջոցով` դարձնել նաեւ Թուրքիոյ գաղութ: Պէտք է հեռանան ամբողջ վարչակազմով. ո՛չ անոնց ներկայութեան»:
Հանրահաւաքին ելոյթներով հանդէս եկան ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, նախկին պաշտօնեաներ, պատգամաւորներ, մշակոյթի գործիչներ:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) Հանրապետութեան հրապարակին վրայ վերսկսաւ հանրահաւաքը: «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի քաղաքական հաղորդումներու բաժինի տնօրէն Գեղամ Մանուկեան իր ելոյթի ընթացքին դիմեց պետական կառավարման համակարգի աշխատողներուն` նշելով, որ անոնք վերջին 2,5 տարուան ընթացքին միշտ բողոքած են, որ ունին անգրագէտ նախարարներ, փոխնախարարներ, որոնք գործէն չեն հասկնար:
«Ձեր մեծ մասը, սակայն, հանդուրժած է ատիկա: Ձեր հանդուրժելու պատճառով փլած է Հայաստանի պետական կառավարման համակարգը, այդ փլուզման հետեւանքն է պատճառը, որ պարտուած ենք պատերազմին», ըսաւ ան:
«Այսօր աւելի քան երբեք հայ ժողովուրդը պէտք է բռունցք դառնայ մեր հայրենիքը փրկելու համար, մենք միասին «Իմ քայլը» խմբակցութեան ժամանակ տուած էինք, որ մինչեւ ժամը 18:00-ն պատրաստ ենք հանդիպելու խմբակցութեան ղեկավարութեան հետ` միասին քննարկելու երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Ցաւօք, այս մարդիկ այս պահուն եւս չեն գիտակցիր իրենց պատասխանատուութիւնը, մինչեւ այս պահը մենք որեւէ արձագանգ չունինք», այս մասին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարեց Հայրենիքի փրկութեան շարժման համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
«Այսօր զինուորի ծնողքը կը սպասէ, թէ ե՛րբ պիտի գայ վրէժի ժամանակը, մենք ժամանակ չունինք սպասելու, որովհետեւ մեզի կը սպասէ շատ աւելի մեծ փորձութիւն, մեզի կը սպասէ հայոց պետականութեան կորուստի փորձութիւնը», հանրահաւաքի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի սահմաններուն` Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ Հայաստանի պետական սահմանը պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային պայմանագիրի վրայ, այսօր ոչ մէկ միջազգային պայմանագիր կայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, հետեւաբար այն, ինչ որ կ՛ուզէ ընել Նիկոլ Փաշինեանը եւ կը փորձէ հիմնաւորել, ո՛չ միայն օրինական չէ, այլեւ քրէական յանցագործութիւն է, որ ներկայացուած է դատախազութիւն:
Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան յայտարարեց, որ կը պարզուի, թէ հայ ժողովուրդը շատ բարի ու օրինապաշտ է, քանի որ որեւէ այլ պարագայի, երբ հայրենիքը նման իրավիճակի մէջ դնեն, այդ ղեկավարը երկու-երեք օր չէր մնար: