Գոյժ

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի վաստակաշատ ընկերներէն, Կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ՝ընկեր Լեւոն Եաղճեանի մահը, որ պատահեցաւ Մոնթրէալի մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։

Ընկեր Լեւոն Եաղճեանի կեանքը՝ Դաշնակցութեան եւ Հայ Դատին համար եղաւ համակ նուիրում ու զոհողութիւն:

Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ Գանատայի մեծ ընտանիքին անունով մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալ ընկերոջ ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն:

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.