Գիւմրիի մէջ տեղադրուեցաւ Շիրակի արժանայիշատակ նահանգապետ Կարօ Սասունիի արձանը

Գիւմրիի համայնքապետարանի, «Կումայրի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի եւ թանգարանի մասնաճիւղ՝ Քանդակագործութեան ազգային թանգարանի ջանքերով, Պռօշեան եւ Գ. Նժդեհ փողոցներու խաչմերուկին տեղադրուեցաւ Շիրակի նախկին նահանգապետ Կարօ Սասունիի արձանը, հաղորդեցին «Կումայրի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանէն։

Արձանի քանդակագործն է Միսակ Մելքոնեանը, իսկ արձանի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ շուտով։

Հասարակական-քաղաքական գործիչ, իրաւաբան, պատմաբան, ՀՅ Դաշնակցութեան անդամ Կարօ Սասունի ծնած է 15 Յուլիս 1889-ին, Սասնոյ Խուլբ գաւառակի Ահարոնք գիւղի՝ Մամիկոնեաններու իշխանական տոհմէն սերած Ղազարի եւ հերոսուհի Աննայի (Աննա Մայրիկ) ընտանիքին մէջ։ Ան Ղազարի ութ զաւակներէն վեցերորդն էր։ 1901 թուականին աւարտած է Մուշի Մխիթարեան վարժարանը, իսկ նոյն տարուան աշունէն սկսեալ ուսանած է Մշոյ Մուրատ–Մխիթարեան վարժարանը, որ շրջանի միակ միջնակարգ դպրոցն էր։

Կ. Սասունի Մխիթարեան վարժարանին մէջ կ’ուսանի հինգ տարի մինչեւ 1906 թուականը, աչքի զարնելով՝ ուսումնատենչութեամբ եւ բացառիկ ընդունակութեամբ։

1912-ին ան աւարտած է Կ. Պոլսոյ համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը։ Այնուհետեւ գործած է Տարօնի մէջ։

Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ եղած է հայկական կամաւորական շարժման գործօն մասնակից։ 1916 թուականին, երբ ռուսական զօրքերը գրաւած են Մուշը, Կարօ Սասունի Տարօնի մէջ նշանակուած է ընդհանուր կառավարիչ եւ ռազմական խորհրդական։ Ռուսական զօրքերու նահանջի ժամանակ կրցած է փրկել բազմաթիւ գաղթականներ եւ կազմակերպած է անոնց անցումը Արեւելեան Հայաստան։

1920-ի Մայիսին նշանակուած է Ալեքսանդրապոլի նահանգապետ, մասնակցած է տեղւոյն մայիսեան խռովութեան ճնշման։ Ընտրուած է Հայաստանի խորհրդարանի անդամ։

1921-ի Փետրուարեան ապստամբութեան ղեկավարներէն էր։ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի կազմին մէջ եղած է ներքին գործերու նախարար։ Պոլշեւիկներու կողմէ Երեւանի վերագրաւումէն ետք անցած է արտասահման, նախ՝ Փարիզ, ապա՝ Պէյրութ, ուր զբաղած է ստեղծագործական, հրատարակչական աշխատանքով։

Պէյրութի մէջ 1962-1974 թուականներուն եղած է «Բագին» գրական-գեղարուեստական ամսագիրի վարիչ-խմբագիրը։

Ուսումնասիրած է հայ ազգային-ազատագրական շարժման, Հայոց ցեղասպանութեան, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմութեան հիմնահարցերը, որոնց հիման վրայ գրած է շարք մը արժէքաւոր պատմագիտական ուսումնասիրութիւններ եւ գեղարուեստական երկեր։ Կ. Սասունի մահացած է 1977-ին, Պէյրութ։