Գէորգ Ղուկասեան. «Անուրանալի է հայկական սփիւռքի դերը արտաքին քաղաքական հարցերուն մէջ»
- (0)

«Արցախեան հարցը կը մնայ միջազգային օրակարգի վրայ՝ Հայ Դատի անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ»
«Հրապարակ TV»-ի «Հինգշաբթի» հաղորդաշարի հիւրն էր ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու, քաղաքական գիտութիւններու թեկնածու Գէորգ Ղուկասեան։ Հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք Հայ Դատի գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն եւ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու վերաիմաստաւորման անհրաժեշտութեան։
Խօսելով միջազգային հարթակներու վրայ Արցախեան հիմնախնդրի շարունակական արծարծումներուն մասին՝ Գէորգ Ղուկասեան շեշտեց, որ հակառակ ՀՀ իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեան՝ մոռացութեան մատնել Արցախի հարցը եւ հրաժարիլ «Արցախ» եզրոյթէն, Հայ Դատի գրասենեակներու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ խնդիրը կը շարունակէ մնալ տարբեր կառավարութիւններու, խորհրդարաններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ուշադրութեան կեդրոնը։ Ան նշեց, որ քիչ չեն արցախահայութեան վերադարձի եւ իրենց հայրենիքին մէջ ինքնորոշման միջազգային իրաւունքի մասին խորհրդարանական եւ նոյնիսկ կառավարական մակարդակներով ընդունուած բանաձեւերն ու պաշտօնական յայտարարութիւնները։
Գէորգ Ղուկասեան անդրադարձաւ նաեւ ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ հրապարակ նետուած խաղաղութեան կեղծ օրակարգին եւ հայ-թուրքական յարաբերութիւններու այսպէս կոչուած կարգաւորման հերթական գործընթացի տապալման։ Ըստ անոր՝ միջազգային գործընկերները եւս կը նկատեն, որ այն խաղաղութիւնը, որուն մասին կը խօսին ՀՀ իշխանութիւնները, իրականութեան մէջ գոյութիւն չունի, քանի որ Ազրպէյճան այդ գործընթացի ծիրէն ներս անընդհատ նորանոր ու անընդունելի պահանջներ կը ներկայացնէ Հայաստանին։ Ղուկասեան յաւելեց, որ այդ պահանջները յաջորդիւ կը դառնան Թուրքիոյ հերթական նախապայմանները՝ հայ-թուրքական սահմանի բացման համար, ինչ որ կը փաստէ գործընթացի վտանգաւորութիւնն ու կողմնակալութիւնը։