Գեղամ Մանուկեան Փաշինեանի Ուղերձը «Պատասխանատուութենէ Խուսափելու Փորձ» Համարեց

Հայաստանի ընդդիմութիւնը մեկնաբանեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման օրուան ուղերձին մէջ անոր այն բացատրութեան, թէ ինչո՞ւ պատերազմէն խուսափելու համար Սեպտեմբեր 2020ի արիւնալի պատերազմէն առաջ զիջումներ չկատարեց, եւ զայն նկատեց ինքնիրեն հակասող եւ պատասխանատուութենէ խուսափելու փորձ։  

«44օրեայից յետոյ ամէն անգամուայ իրար հակասող, պատմութեան հետ աղերս չունեցող, փաստական հիմք չունեցող բոլոր յայտարարութիւնները խօսում են մէկ բանի մասին` չքմեղանալ, ազատել իրեն այն բոլոր պատասխանատուութիւններից, որ բնականաբար, պէտք է կրէր որպէս երկրի ղեկավար ներկայացող կամ ղեկավարի աթոռը զբաղեցնող անձ», յայտնեց դաշնակցական, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան:

Ըստ Փաշինեանի՝ եթէ զիջումներ կատարեր այն ատեն, թերեւս Հայաստան իր պետականութիւնը կորսնցնէր: «Դրա առանցքային պատճառն այն էր, որ այդ զիջումների արդիւնքում մեր ունեցած բոլոր սպառնալիքները եւ կախուածութիւնները մեծանալու էին, մեծանալու էին անհամաչափօրէն` յանգեցնելով Հայաստանի անկախութեան եւ պետականութեան կորստի», ըսած էր Փաշինեան:

Մանուկեան շեշտեց, որ Փաշինեանի գնահատականները կը հակասեն նախորդ տարիներուն կատարած իր յայտարարութիւններուն: «Ինչպէս Արցախի ապագայի, 44օրեայ պատերազմի, այնպէս էլ հայ ժողովրդի վերջին 35 տարիների, ամբողջ ղարաբաղեան պայքարի մասին: Սեփական յանցանքները եւ յանցանքները կոծկելու փորձերն այնքան իրարամերժ են դարձնում, որ համատեղելով իր նախորդ բոլոր յայտարարութիւնները կարելի է մի ամբողջ հաստափոր քրէական գործ ուղղակի ձեւակերպել ու վերջացնել», ըսաւ Մանուկեան: