Գարեգին Բ Կաթողիկոսի նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոցը չեղարկուեցաւ

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի քրեական դատարանը որոշում տուած է բաւարարելու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի իրաւապաշտպանի ներկայացուցած բողոքը, ըստ որուն՝ Վեհափառի նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոցը չեղարկուած է։

Այս մասին տեղեկացուցած է փաստաբան Արա Զոհրաբեան՝ իր հրապարակումով՝ նշելով, որ դատարանը չեղարկած է Վեհափառ հօր դէմ կիրառուած «բացակայելու արգելք» խափանման միջոցը։

Ըստ հրապարակուած տեղեկութիւններուն, Հայաստանի քննչական կոմիտէն փետրուար 14-ին որոշած էր Կաթողիկոսի նկատմամբ կիրառել բացակայելու արգելք, որուն հետեւանքով ան չէր կրնար լքել երկիրը։ Նոյն սահմանափակման պատճառով, ինչպէս նաեւ Վրաստան ժամանակաւոր մեկնելու վերաբերեալ միջնորդութեան մերժումէն ետք, Գարեգին Բ. չէր մասնակցած Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ.ի յուղարկաւորութեան։

Պաշտպանական կողմը նախ բողոքարկած էր քննիչին որոշումը վերադաս դատախազին մօտ, սակայն Հայաստանի Հանրապետության գլխավոր դատախազութիւնը մերժած էր բողոքը։ Այնուհետեւ հարցը ներկայացուած էր դատարան, որ այսօրուան որոշմամբ բաւարարած է պաշտպանական կողմի պահանջը։