«Գանձասար»-ի Խմբագրատունը` Կողոպուտի Ենթարկուած
- (0)
«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ վերջին օրերուն Հալէպի ապահովական վիճակը մտահոգիչ դարձած է: Գրասենեակներու, բնակարաններու եւ ինքնաշարժներու կողոպուտ տեղի կ՛ունենայ ամէնօրեայ դրութեամբ:
Կողոպուտի ենթակայ դարձած է նաեւ Հալէպի Մունշիէ շրջանի Ազգային «Արարատ» շէնքը իր բոլոր սեփական դարմանատուներով եւ գրասենեակներով, որոնց կարգին նաեւ «Գանձասար»-ի խմբագրատունը:
Ըստ «Գանձասար»-ի, այս վիճակը հետեւանք է ոստիկանութեան եւ քաղաքի ապահովական համակարգի ցարդ անկազմակերպ ըլլալուն: