Գանատա պէտք չէ մեղսակից ըլլայ թուրք-ատրպէյճանական ռազմական յանցագործութիւններուն. Սեւակ Պելեան

Գանատա կրնայ չեղարկել Թուրքիոյ նկատմամբ սահմանուած՝ ռազմական արտադրանքի վաճառքի արգելքը։ Այս քայլը կրնայ ձեռնարկուիլ Շուետիոյ՝ ՆԱՏՕ-ի անդամակցելու գործարքի շրջանակին մէջ։ Այս մասին Alpha News-ի ուղիղ եթերով յայտնեց ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի պատասխանատու Սեւակ Պելեան։

«Այս բոլորը աշխարհաքաղաքական, միջպետական խաղեր են։ Բայց մենք պէտք չէ ձեռնածալ մնանք եւ ընդունինք այս ամէնը։ Այդ պատճառաւ ալ այսօր մենք ահազանգ կը հնչեցնենք եւ չենք ուզեր սպասել մինչեւ որոշումը ընդունուի։ Եթէ Գանատայի կառավարութիւնը իսկապէս հաւատարիմ է Հայաստանի նկատմամբ որդեգրած քաղաքականութեան եւ կ’աջակցի ՀՀ-ի տարածքային ամբողջականութեան, ապա չի կրնար զինել երկիր մը, որ հայ ազգին համար սպառնալիք կը հանդիսանայ։ Մենք արդէն իսկ կը բարձրաձայնենք, կը պնդենք, որ դէմ ենք այս ամէնուն», նշեց Պելեան։

Ան նաեւ ընդգծեց, որ արգելքը չեղարկելու փոխարէն՝ Գանատայի կառավարութիւնը պէտք է աջակցի Հայաստանի թէ՛ մարդասիրական օժանդակութեամբ, թէ՛ արցախահայերու վերադարձի իրաւունքի պաշտպանման առումով։

«2020 թուականէն ետք մեր ջանքերուն շնորհիւ յաջողեցանք ցոյց տալ, որ Թուրքիան ապօրինի ձեւով զէնք կը տրամադրէ Ատրպէյճանի, որոնք կը կիրառուին Արցախի դէմ։ Արդիւնքով գանատական կողմը Թուրքիոյ նկատմամբ կիրառեց ռազմական արտադրանքի վաճառքի արգելք։ ՀՅԴ Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբի դիրքորոշմամբ՝ Գանատա պէտք չէ մեղսակից ըլլայ թուրք-ատրպէյճանական ռազմական յանցագործութիւններուն` նպաստելով անոնց ռազմական զինանոցներու ընդլայնման: Արգելքը չեղարկելու փոխարէն Գանատայի կառավարութիւնը պէտք է աջակցի Հայաստանի՝ թէ՛ մարդասիրական օժանդակութեան առումով, թէ՛ արցախահայերու վերադարձի իրաւունքի պաշտպանման առումով», եզրափակեց Պելեան։

Comments are closed.