Գանատայի տարածքին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Արցախեան քառօրեայ պատերազմի նահատակ զինուորներուն համար
Կիրակի, 2 Ապրիլ 2017-ին, Գանատայի Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ, Արցախեան քառօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցին առիթով, նահատակ քաջարի զինուորներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի գլխաւորութեամբ, Առաջնորդարանին կից Խաչքար-յուշարձանին դիմաց, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Մոնթրէալի «Լեւոն Շանթ» եւ Լաւաի «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու անդամները ծաղկեպսակի զետեղում կատարեցին, ուր խօսք առաւ ԳԵՄ-ի ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Կարինէ Կարապետեան վեր առնելով հայոց բանակի նահատակներու անժամանցելի աւանդը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց երիտասարդներուն եւ ըսաւ. «Պատիւ մեր երիտասարդութեան, որոնց մէջ միշտ կը տեսնենք վառ հայրենասիրութեան ոգին, ահա այսպիսի երիտասարդներով է, որ մենք պիտի շարունակենք մեր գոյապայքարը եւ պիտի դառնանք տէրը մեր հայրենիքի սուրբ հողին եւ ժողովուրդին»։