Գանատայի մէջ նորանշանակ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի կենսագրական գիծերը
- (0)

Ստորեւ կը ներկայացնենք Գանատայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր նորանշանակ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի կենսագրական գիծերը՝ ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կայքէջին փոխանցմամբ.
Անահիտ Յարութիւնեան ծնած է 23 Փետրուար 1975-ին:
Ուսում
– 2005-2007 Խուան Ռամօն Ֆերնանդէսի անուան լեզուներու ուսուցման համալսարան, Արժանթին:
– 2000-2001 Աթէնքի համալսարան, մագիստրոսի կոչում:
– 20 Յունիս-5 Յուլիս 2000 դիւանագիտական դասընթացքներ, Գահիրէ, Եգիպտոս:
– 26 Մարտ-10 Հոկտեմբեր 1999 Ֆլեթչըրի Իրաւունքի եւ Դիւանագիտութեան դպրոց, Ֆլեթչըր, ԱՄՆ:
– 15 Սեպտեմբեր-15 Դեկտեմբեր 1998 Քլինկէնտայի Միջազգային Յարաբերութիւններու համալսարանի դասընթացքներ, Հաակի, Հոլանտա:
– 1992-1997 ԵՊՀ արեւելագէտ-բանասէր, թարգմանիչ (թրքերէն):
Աշխատանքային գործունէութիւն
– 2018 Նոյեմբեր Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակին եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ Շուէտի ՀՀ դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար:
– 11 Մայիս 2018-էն Շուէտի ՀՀ դեսպանութեան խորհրդական
– 2014-2018 ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարի օգնական
– 2011-2014 Պելճիքայի ՀՀ դեսպանութեան առաջին քարտուղար
– 20 Յունուար-1 Սեպտեմբեր 2011 ՀՀ ԱԳՆ (Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն) Ամերիկայի վարչութեան Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի բաժնի առաջին քարտուղար
– 2010-2011 ՀՀ նախագահի աշխատակազմ
– 1 Յունիս-20 Յուլիս 2010 ՀՀ ԱԳՆ Ամերիկայի վարչութեան Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի բաժնի առաջին քարտուղար
– 2009-2010 ՀՀ նախագահի աշխատակազմ
– 2009 ՀՀ ԱԳՆ Ամերիկայի վարչութեան Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի բաժնի առաջին քարտուղար
– 2008-2009 ՀՀ ԱԳՆ Ամերիկայի վարչութեան Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի բաժնի երկրորդ քարտուղար
– 2005-2008 Արժանթինի ՀՀ դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար
– 2004-2005 Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու վարչութեան Թուրքիոյ բաժնի երկրորդ քարտուղար
– 2000-2004 Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու վարչութեան Թուրքիոյ բաժնի երրորդ քարտուղար, 2001-էն՝ նոյն բաժնի վարիչ
– 1998-2000 Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու վարչութեան Թուրքիոյ բաժնի կցորդ
– 1997-1998 Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու վարչութեան Թուրքիոյ բաժնի պատասխանատու
Օտար լեզուներու իմացութիւն
Ռուսերէն, անգլերէն, սպաներէն, թրքերէն
Ընտանեկան կարգավիճակ
Ամուրի
2019 Ապրիլ 11-ին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգիսեանի հրամանագրով նշանակուեցաւ Գանատայի Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, նստավայրը՝ Օթթաուա: