Գանատայի մէջ նշուեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 90-ամեակը
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 90-ամեակի տօնակատարութիւնը՝ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, տեղի ունեցաւ Կիրակի, 14 Հոկտեմբեր 2018ին, Լաւալի Embassy Plaza սրահին մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ էին Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս՝ պրն. Արա Մկրտչեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ տոքթ. Մկրտիչ Մկրտիչեան, հոգեւոր հայրեր, պատկան մարմիններու ու քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, եւ Համազգայինի բարեկամներ ու անդամներ։
Հիւրերը դիմաւորուեցան գեղեցկօրէն զարդարուած սրահին գաւիթին մէջ՝ ուր հիւրասիրուեցան համադամ աղանդերներով եւ խմիչքներով, միաժամանակ հայկական երաժշտութիւններ լսելով, Rhapsodie քառեակի մեկնաբանութեամբ։ Պաշտօնական ձեռնարկին հանդիսավար՝ Արազ Եաղճեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Ծովիկ Գահվէճանը որ փոխանցէ Շրջանային վարչութեան խօսքը։ Ներկաները մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութեամբ յարգեցին մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած Համազգայնական ընկեր-ընկերուհիներուն յիշատակը որմէ ետք ընկերուհին ներկայացուց Համազգայինի Գանատայի շրջանին ու մասնաճիւղերուն գործունէութիւնը եւ Շրջանայինի ապագայ ծրագիրներն ու տեսլականը։
Rhapsodie քառեակը՝ ղեկավարութեամբ Նայիրի Փիլոյեանի, անգամ մը եւս հանդէս գալով ներկայացուց Խաչատուրեանէն եւ Կոմիտասէն կտորներ ինչպէս նաեւ յատկպէս այս ձեռնարկին համար պատրաստուած Շարլ Ազնաւուրի երգացանկէն պատառիկներ։
Ընթրիքի սպասարկութենէն ետք ցուցադրուեցաւ «Համազգայինը՝ Պատկերներով» տեսերիզը որուն յաջորդեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշաններու տուչութիւնը։ Ընկհ. Գահվէճեանը ներկայացուց վաստակաւոր Համազգայնականներ՝ ընկ. Վրէժ-Արմէն Արթինեանն ու ընկ. Սիմոն Հասըրճեանը, որոնք, ձեռամբ ընկ. Մկրտիչեանին,ստացան իրենց շքանշաններն ու վկայագրերը։ Հանդէս եկաւ տոքթ. Մկրտիչեանը եւ փոխանցեց Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը, որուն մէջ ան շեշտը դրաւ Համազգայինի լայնածաւալ գործունէութեան եւ անոր առաքելութիւնը վառ պահելու կարելիութիւններուն վրայ։ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս՝ պրն. Արա Մկրտչեան փոխանցեց դեսպատան խօսքը եւ ներկաներէն խնդրեց որ յոտընկայս լռութեամբ յարգեն Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը։
Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ յիշեց Համազգայինի հիմնադիրներն ու անոնց նպատակը, առաքելութիւնն ու տեսլականը։ Ան խրախուսեց Համազգայնականները որ շարունակեն իրենց ազգանուէր գործը, ի շահ համայն հայութեան։ Ձեռնարկը փակուեցաւ Հայաստան երթ ու դարձի տոմսի մը վիճակահանութեամբ՝ նուիրուած Հայկ Ճամբորդական ընկերութեան կողմէ։