Գանատայի մէջ կայացած Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան նուիրահաւաքին՝ ցարդ գոյացած է 120 հազար տոլար

Գանատայի Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Յանձնախումբին ու գործակից եւ ուղեկից կազմակերպութիւններուն հետ համատեղուած ճիգերով, Նոյեմբեր 20-ին նախաձեռնեց առցանց Թելեթոն-նուիրահաւաք։ Թորոնթոյի «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամի կողմէ պատրաստուած տեսերիզով սփռուեցան պատգամներ եւ գեղարուեստական դրուագներ։
 
Գանատահայութեան լիաբուռն նուիրատուութիւններուն շնորհիւ հանգանակուած գումարը, Նոյեմբեր 24-ի դրութեամբ հասած է 120 հազար տոլարի, որ ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութեան ծրագիրներուն։ Նուիրահաւաքը պիտի շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբերի աւարտ։
 
Նշենք, որ 2020 թուականին, երկու իրերայաջորդ նուիրահաւաքներու ընթացքին, գանատահայութիւնը ջանք չխնայեց կանգնելու Լիբանանահայութեան կողքին եւ պատուով կատարեց իր պարտականութիւնը:
 
Ձեր նիւթական օժանդակութիւնը կրնաք ուղարկել.-
 
1)Վճարագրով՝ ARS Foundation-ին, հետեւեալ հասցէին՝
 
Armenian Relief Society of Canada
 
3401 Olivar Asselin, Montreal, QC, H4J 1L5
 
2)Այցելելով ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի կայքէջը՝ https://ars-canada.ca/
https://ars-canada.ca/
 
սեղմելով Donate Now կոճակը, ապա ընտրելով Aid to Lebanon fund-ը:
 
3)Etransfer-ով, ՀՕՄի Շրջ. Վարչութեան ել-նամակի հասցէին՝ ars-canada@bellnet.ca
 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.