Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբ. Պատմական ակնարկ եւ գործունէութեան ուրուագիծ
Գանատայի մէջ, Հայ Դատի եւ հայկական իրաւունքներու հետապնդման արմատները կարելի է հասցնել մինչեւ 1902 թուականը, ՊրանթՖըրտի ՀՅԴ կոմիտէութեան հիմնադրութեան տարին: Պաշտօնապէս սակայն, Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին, «Հայ Դատի Յանձնախումբ» անուան տակ գործունէութիւնը ծայր կ՚առնէ 1944-ին, իսկ 1965-էն սկսեալ՝ շրջագայութեան կը դրուի «Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբ» անուանումը:1958-ի Գանատայի ՀՅԴ Շրջանային պատգամաւորական ժողովը կ՚որոշէ առաջին անգամ ըլլալով կազմել Հայ Դատի յանձնախումբ մը, ընկերներէ եւ համակիրներէ բաղկացած: 1971-ին, նոյն ժողովը կ՚որոշէ այս յանձնախումբը վերածել զանազան քաղաքներու մէջ գործող ցանցի։
Առաքելութիւն
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբերու կամաւոր եւ լայնածիր ծառայութիւնը նախ եւ առաջ ուղղուած է ընդհանրապէս հայութիւնը եւ մասնաւորաբար գանատահայութիւնը շահագրգռող հարցերու հետապնդումին: Ստեղծել նպաստաւոր հանրային կարծիք այս հարցերուն շուրջ, ներկայացնել Գանատայի հայ գաղութի հաւաքական տեսակէտը, պաշտպանել հայութեան եւ մարդկային իրաւունքները ու վերջապէս՝ հանդիսանալ կապը հայ գաղութին եւ Գանատայի տարբեր մակարդակներու իշխանութիւններուն միջեւ:
Կառոյց
Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբը աշխատանք կը ծաւալէ համագանատական առումով, առաւելաբար մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ, դաշնակցային օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու մակարդակի վրայ: Շրջանայինին զուգահեռ կը գործեն Հայ Դատի տեղական յանձնախումբերը, նահանգային թէ քաղաքապետական օղակներու մէջ՝ Մոնթրէալ, Լաւալ, Թորոնթօ, Վանգուվըր, Գէմպրիճ, Համիլթըն, Սենթ Գաթրինզ եւ Ուինծըր քաղաքներու Հայ կեդրոններէն:Իսկ 2006 թուի Ապրիլ 25-էն ի վեր, Օթթաուայի մէջ մնայուն եւ գործօն ներկայութիւն է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը: Ան վեցերորդ յաւելումն է իբր գործադիր կեդրոն Ուաշինկթընի, Մոսկուայի, Եւրոպայի (Պրիւքսէլ), Միջին Արեւելքի (Պէյրութ) եւ Երեւանի գրասենեակներու համաշխարհային ցանցին:
Գործելակերպ
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան յենարանն ու ուժի աղբիւրը առաջին հերթին գանատահայութիւնն է: Ժողովուրդին է որ կը դիմէ յանձնախումբը ամէնէն առաջ, որեւէ արշաւի կամ քարոզչական առաքելութեան համընդհանուր մասնակցութեան եւ ժողովրդական ալիքի ծաւալ տալու համար:Միւս կողմէ, յարատեւ կապի եւ շփումներու միջոցով, Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակը կը տանին բանակցային-յարաբերական աշխատանք (advocacy), դաշնակցային թէ նահանգային նախարարներու, երեսփոխաններու եւ այլ պաշտօնատարներու հետ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական, դիւանագիտական, մամլոյ, մտաւորական խաւի եւ այլ համայնքներու ներկայացուցիչներու մօտ:Հայ Դատի բոլոր յանձնախումբերն ալ կը գործեն կամաւոր աշխատանքի, հետեւողականութեան եւ նուիրումի սկզբունքներուն հիմամբ:Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, տասնամեակներէ ի վեր, ամէն Ապրիլ 24-ին, Օթթաուայի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ժողովրդային հաւաք:
Գործադաշտ եւ նպատակակէտեր
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գլխաւոր նպատակներն են՝
– Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում,
– Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման ուղղուած քայլեր,
– Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրում,
– Սփիւռքի գաղթօճախներու յանձանձում:
Գրասենեակ
Նկատի ունենալով Հայ Դատի գործունէութեան օրէ օր ընդլայնող ու ճիւղաւորուող բնոյթը, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ ներկայութիւն ըլլալու եւ արհեստավարժ հիմունքով գործելու հրամայականներէն մեկնած, 2006 թուի Ապրիլ 25-ին բացումը կատարուեցաւ Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակին: Այդ օրուընէ սկսեալ, հոնկէ կը տարուի նպատակաուղղուած աշխատանք եւ արդէն իսկ, գրասենեակը դարձած է տեղեկատուական ու բանակցային-յարաբերական հանրաճանաչ ու ազդեցիկ կեդրոն:
Հայ Դատի յանձնախումբի իրագործումներէն
– Մարտ 27, 1980 – Օնթարիօ նահանգի Օրէնսդիր Ժողովը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
– Ապրիլ 10, 1980 – Քեպէգի Ազգային Ժողովը կ՚որդեգրէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման իր բանաձեւը:
– Ապրիլ 24, 1986 – Օնթարիոյի վարչապետ Տէյվիտ Փիթըրսըն, Ապրիլ 24-ը կը հռչակէ «Հայկական յիշատակի օր» Օնթարիոյի մէջ:
– Ապրիլ 23, 1996 – Գանատայի Դաշնակցային Խորհրդարանին մէջ կ՚անցնի «1915-ի Հայկական ողբերգութիւնը» ճանչցող բանաձեւը, ամէն տարի Ապրիլ 20-էն 27 երկարող շաբաթը հռչակելով «Մարդու դէմ անմարդկայնութեան յիշատակի շաբաթ»:
– Ապրիլ 17, 1997 – Մոնթրէալի Քաղաքապետական Խորհուրդը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
– Յունիս 13, 2002 – Գանատայի Ծերակոյտը կը վաւերացնէ Motion 44 բանաձեւը, ճանաչում տալով Հայոց ցեղասպանութեան:
– Դեկտեմբեր 12, 2003 – Քեպէգի Ազգային Ժողովը իր թիւ 194 Օրէնքով (Loi 194), Ապրիլ 24-ը կը հռչակէ «Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր»:
– Ապրիլ 21, 2004 – Գանատայի Դաշնակցային Խորհրդարանը, M-380 բանաձեւով, պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
– Ապրիլ 3, 2006 – Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Օրէնսդիր Ժողովը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը (Motion 59), Ապրիլ 24-ը հռչակելով «Յիշատակի օր»:- Ապրիլ 21, 2006 – Գանատայի կառավարութիւնը, վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի յայտարարութեամբ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Հորիզոն»