Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներու քաղաքական հանդիպումները Ապրիլ 24–ի Նախօրեակին
Ապրիլ 22-ին, Գանատայի Հայ դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Վահիկ Ակոբեան եւ Վահէ Անտոնեան յատուկ հանդիպում մը ունեցան Պրիթիշ Գոլոմպիայի բարձրագոյն ուսման նախարարուհի Անն Քէնկի ( Hon. Anne Kang ) ուժանիւթերու եւ հանքերու Նախարար Պրուս Րալսթոնի (Hon . Bruce Ralston)։ Յաձնախումբի ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեձին կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հանդիպման համար եւ Ապրիլ 24-ը Պրիթիշ Գոլոմպիայի մէջ այս տարի եւս հանդիսաւորապէս ոգեկոչելու որպէս «Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր» կառավարութեան որոշումին համար։
Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները նախարարներուն առաջարկեցին, որ այս տարի 1915ի ցեղասպանութեան կողքին դատապարտուին նաեւ Սումկայիթի սպանդները եւ Արցախեան պատերազմին Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ յարձակումներն ու վայրագութիւնները։
Նոյն օրը երեկոյեան Հայ դատի յանձնախումբի ընկերները հանդիպեցան ընդդիմադիր Ազատակսն կուսակցութեան նախագահ Քեվին Ֆալքօնի (Kevin Falcon) եւ Խորհրդարանական Թերեսա Ուաթի (Teresa Watt) հետ, որոնց տեղեկացուցին, որ Ապրիլ 25-ին, Պրիթիշ Գոլոմպիայի Խորհրդարանէն ներս Կառավառութեան կողմէ պիտի յիշատակուի Մեծ Եղեռնի, Սումկայիթի եւ 44-օրեայ Արցախի պատերազմի անմեղ զոհերու յիշաատակը։ Ընդիմադիր կուսակցութան ներկայացուցիչները խոստացան սատար հանդիսանալ Հայ դատի յանձնախումբի այս նախաձեռնութեան։