Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայ գտնուեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Ազատական կուսակցութեան անուանափոխութեան հանդիսութեան
Ապրիլ 12-ին, Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Սըրի քաղաքին մէջ կայացած համագումարի մը ընթացքին, յետ քուէարկութեան եւ վաւերացման՝ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսակցութիւնը (նախկին Ազատական) պաշտօնապէս հռչակուեցաւ «Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Միացեալ կուսակցութիւն» (BC United)։
Պաշտօնական հանդիսութեան հրաւիրուած Գանատայի Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի (Armenian National Committee of Canada Western region – ANCCWR) ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեան շնորհաւորեց Միացեալ կուսակցութեան եւ խորհրդարանի ընդդիմութեան ղեկավար Քեվին Ֆալքոնը։
Վահէ Անտոնեան Միացեալ կուսակցութեան ղեկավար Ֆալքոնին եւ ընդդիմադիր կուսակցութեան խորհրդարանական կեդրոնական խորհուրդի պատգամաւորներուն հրաւիրեց յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Պրիթիշ Գոլոմպիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման պաշտօնական հանդիսութիւններուն։ Միաժամանակ, ան զեկուցեց Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած յարձակապաշտ քաղաքականութեան մասին, յիշեցնելով, որ Գանատայի խորհրդարանը, ինչպէս նաեւ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ եւ դաշնակցային այլ նահանգներու խորհրդարանները ճանչցած եւ դատապարտած են 1915 թուականին Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը, շեշտելով, որ Գանատայի կառավարութիւնը պէտք է է իրազեկ ըլլայ, որ ցեղասպանական նոյն գործընթացը կը շարունակուի այսօր Արցախի եւ Հայաստանի հանդէպ։
Comments are closed.