Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայ գտնուեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի նոր վարչապետի երդման արարողութեան

Նոյեմբեր 18ին, Պրիթիշ Գոլոմպիայի Մասքուիյում բնիկ ազգութեան համայնքային կեդրոնին մէջ կայացաւ Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա Նահանգի նորընտիր վարչապետ Տէյվիտ Իպիի պաշտօնի ստանձնման երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

Պետական եւ պաշտօնական հիւրերու կողքին ներկայ էր Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներէն Յակոբ Տէր Յակոբեանը։

Հանդիսութեան աւարտին, Յակոբ Տէր Յակոբեան Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի հայ համայնքին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց նոր Վարչապետին եւ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ վանգուվըրի մէջ երկու ամիս առաջ յանձնախումբին եւ իր միջեւ կայացած այն հանդիպման, որուն ընթացքին Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ միասին արծարծուած էին Հայաստանի եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններն ու քաղաքական զարգացումները։

Նորընտիր Վարչապետ Տէյվիտ Իպի շնորհակալութիւն յայտնելով վերահաստատեց Պրիթիշ Գոլոմպիայի հայ համայնքին հետ համագործակցելու իր պատրաստակամութիւնը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.