Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը մասնակցեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ նախարար Ատրիէն Տիքսի եւ Նոր Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ Տոն Տէյվիսի ընդունելութեան
- (0)

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ՝ Յակոբ Տէր Յակոբեան, Մեղրիկ Չափանեան եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանգուվըրի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամ Այա Չափանեան ներկայ գտնուեցան Պրիթիշ Գոլոմպիոյ ուժանիւթի նախարար Ատրիէն Տիքսի եւ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան նախագահ Տոն Տէյվիսի կազմակերպած տօնական ընդունելութեան, նահանգային եւ դաշնակցային խորհրդարաններու անդամներու մասնակցութեամբ:
Ընդունելութեան ընթացքին Հայ Դատի ներկայացուցիչները փոխանցեցին Գանատայի հայ համայնքին բարեմաղթանքները եւ հանդիպումներ ունեցան նահանգային ու դաշնակցային պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ Գանատայի Նոր Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ Տոն Տէյվիսի հետ։
Անոնք համապարփակ կերպով ներկայացուցին տեղւոյն հայ համայնքի իրավիճակն ու ներդրումը Պրիթիշ Գոլոմպիոյ ընկերային բնագաւառէն ներս, ինչպէս նաեւ Հայաստանի քաղաքական ներքին զարգացումները, յատկապէս շեշտելով Արցախէն բռնագաղթած հայերու վերադարձի իրաւունքը իրենց հայրենիք եւ Պաքուի մէջ անարդարօրէն բանտարկուած հայ քաղաքական ղեկավարներու հարցը։
Իր կարգին Գանատայի խորհդարանի պատգամաւոր Տոօն Տէյվիս հրաւիրեց Հայ Դատի ներկայացուցիչները նոր տարուան սկիզբը նախատեսուած հանդիպման մը՝ այս յոյժ կարեւոր հարցերուն շուրջ խորհրդակցելու համար: