Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը հիւրընկալեց Գանատայի խորհրդարանի անդամ Սթեֆան Պերժերոնը
Սեպտեմբեր 11-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը հիւրընկալեց Գանատայի խորհրդարանի անդամ եւ Պլոք Քեպէգուա կուսակցութեան արտաքին գործերու խօսնակ՝ Սթեֆան Պերժերոնը։ Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան Գանատահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր։ Քեպէգի Մոնթարվիլ ընտրատարածքի պատգամաւոր Պերժերոնի հետ քննարկուեցան նաեւ Արցախի հիմնահարցին եւ Հայաստանի քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցեր։
Հանդիպման ծիրէն ներս, պրն. Պերժերոն առիթը ունեցաւ հանդիպելու Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ ծանօթացաւ անոնց աշխատանքներուն։
Հանդիպման աւարտին, Հայ Դատի յանձնախումբը երախտագիտութիւն յայտնեց պրն. Պերժերոնին գանատահայ համայնքին, Արցախին եւ Հայաստանին իր ցուցաբերած անշահախնդիր զօրակցութեան համար եւ այդ առթիւ իրեն նուիրեց յանձնախումբի յատուկ շնորհակալական յուշատախտակը։
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հրակ Տարագճեան, Նորա Արուշեան, Յարութ Դաւիթեան, Հրակ Չինչինեան եւ Սագօ Եագուպեան։
Comments are closed.