Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը արցախահայութեան կողքին
«Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կազմակերպած համերգներէն հանգանակուեցաւ մօտ 150 հազար տոլար, որոնք կը յատկացուին Հայաստան հաստատուած արցախցի ընտանիքներուն օժանդակութեան». Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գանատայի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան
17 Մայիսէն 3 Յունիս երկարող ժամանակաշրջանին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Գանատայի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան այցելութիւն կատարեց Հայաստան եւ Լիբանան, մօտէն հետամուտ ըլլալու ԱՀԱԸ-ի տարած լայնածաւալ գործունէութեան: Այս առթիւ «Հորիզոն» հարցազրոյց մը ունեցաւ իր հետ, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ նշեալ այցելութիւններուն հիմնական նպատակն էր այցելել Աւետարանչական ընկերակցութեան կեդրոնները եւ թարմացնել տուեալները Հայաստանի մէջ կատարուած աշխատանքներուն, տրուած ըլլալով որ ինք Հայաստանի մէջ երկարատեւ ծառայութիւն ունեցած է եւ քաջածանօթ՝ հոն կատարուած ծառայութեանց, ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթանալ Լիբանանի մէջ ընկերակցութեան գործունէութեան:
Խօսելով իր տպաւորութիւններուն մասին Ներսէսեան յայտնեց, թէ յուզիչ եւ միեւնոյն ժամանակ քաջալերական էին իր ունեցած հանդիպումները, յատկապէս արցախցի ընտանիքներուն հետ, որոնց կ’օժանդակէ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը: «Այցելեցի Սիւնիք, Սիսեան, Գորիս, Երեւան, Վանաձոր, Ստեփանաւան եւ Գիւմրի, ուր այցելեցի մեր կեդրոնները, արցախցի 4 ընտանիքներ եւ այլ ծրագիրներէ շահառու 3 ընտանիքներ: Արցախցի ընտանիքներուն ցաւը ահաւոր է, կորուստը անփոխարինելի, ոմանք մազապուրծ փախած, առանց հագուստ-կապուստ բերելու իրենց հետ, 36 ժամ անօթի-ծարաւ ճամբայ կտրելով հասած են Հայաստան. ասոնց յիշողութեան մէջ տպաւորուած են ահռելի պատմութիւններ Արցախի շրջափակումէն եւ տեղահանութենէն, բայց հետաքրքրականը այն է, որ մեր ժողովուրդը այդ անտանելի պայմաններուն մէջ նոյնիսկ իրարու օգնութեան հասած է ըստ կարելւոյն», ըսաւ Ներսէսեան:
Այն հարցին, թէ արցախցիներուն համար արդեօ՞ք կեանքը հունի մէջ մտած է, թէ տակաւին անորոշ վիճակ կը տիրէ, Ներսէսեան յայտնեց, թէ որքան ալ բնականոն կերպով կեանքը կը շարունակուի, եւ երկրի տնտեսութիւնը թափով կ’աճի, սակայն մարդոց հոգիներուն մէջ կայ վախ եւ անորոշութիւն՝ ապագայի նկատմամբ, ապահովութեան եւ սահմաններու նկատմամբ. «Երեւութապէս ամէն ինչ բնականոն կը թուի, բայց երբ մօտենաս եւ խօսակցիս ժողովուրդին հետ, յատկապէս՝ արցախցիներուն հետ, ի յայտ կու գայ, թէ մարդոց սրտերուն մէջ անապահովութեան ու վախի զգացումը առկայ է», ըսաւ ան:
Թէ բոլոր ընտանիքները տեղաւորուած են՝ ոչ, կ’ըսէ Ներսէսեան եւ կ’աւելցնէ, թէ ընտանիքները ձեւով մը տեղ մը պատսպարուած են, անոնց մեծամասնութիւնը կ’ապրի անորոշ վիճակի մէջ եւ մտահոգ, որովհետեւ պետական օժանդակութիւնները մէկ տարուան տեւողութեամբ են եւ շուտով պիտի դադրին: «Մենք կը խօսինք 100 հազարաւոր արցախցիի մասին, ասոնց տեղաւորելն ու գործ ապահովելը բաւականին դժուար մարտահրաւէր է: Մեր ընկերակցութիւնը Ներկայիս եւ մօտ ապագային պիտի հովանաւորէ մօտ 150-200 ընտանիք, հաւանաբար եւ աւելի (այսինքն մօտաւորապէս 1000 անհատ), մէկ անգամուան օգնութիւն կը բաժնէ 500-1000 ընտանիքի… ասոնք չափազանց անհրաժեշտ են, բայց անկեղծօրէն կարիքը շատ աւելի մեծ է, իսկ կարելիութիւնները՝ սահմանափակ: Արտագաղթն ալ առկայ է, ոմանք արդէն գացին, իսկ մնացողներէն շատեր կը ցանկան արտագաղթել…» կ’ըսէ ան:
Հոս կայ նաեւ այլ խրթին հարց մը, յատկապէս զինուորականներու պարագային, որոնց թիւը բաւական մեծ է, եւ որոնք տարիներէ ի վեր բանակին մէջ կը ծառայեն. «Հայաստանի կառավարութիւնը կը պարտադրէ անոնց գրանցումը փոխել, որպէսզի կարենան Հայաստանի բանակին մէջ ծառայել, իսկ շատեր չեն ուզեր իրենց գրանցումը փոխել… այսպիսով բաւական խրթին հարցեր կան, զորս տակաւին չեն յստակացած», կ’ըսէ Ներսէսեան:
Նշենք, որ Արցախի մէջ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կեդրոններէն ներս մօտաւորապէս 90 պաշտօնեայ կը գործէր. ոմանց արդէն գործ ապահովուած է ընկերակցութեան մէջ, իսկ միւսներուն ամսականները կը շարունակուին մինչեւ մէկ տարի:
Անդրադառնալով Լիբանան այցելութեան ընթացքին իր տպաւորութեանց, Ներսէսեան ըսաւ. «Լիբանան հասայ Մայիս 30-ին, ուր սարսափելի ծանր տնտեսական իրավիճակ կը տիրէ, ինչպէս նաեւ կենսակերպի անհամեմատելի ծայրայեղութիւն… շատ հարուստ խաւ մը կայ, որ կ’ապրի զեխ կեանք մը, մինչ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը օրապահիկը դժուար կը ճարէ»:
«Նախ այցելեցի իմ յաճախած վարժարանս՝ Հայ Աւետարանական գոլէճը, որ հայկական միակ վարժարանն է Արեւմտեան Պէյրութի մէջ, եւ ուր հայ ընտանիքներու թիւը սակաւ է: Դպրոցը ունի 112 աշակերտ. անոնց մէջ կան արաբներ, որոնք սահուն հայերէն կը խօսին, կը գրեն եւ կը կարդան», ըսաւ ան:
Այնճարի դպրոցին պարագային Ներսէսեան յայտնեց, որ Հայ Աւետարանական Երկրորդական վարժարանը հիմնուած է 1942-ին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան կողմէ, եւրոպացի միսիոնարներու աջակցութեամբ, եւ որ բաւական առաջնորդներ եւ հերոսներ տուած է հայ ազգին: «Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական վարժարանը բարձրորակ կրթութիւն կը փոխանցէ աշակերտներուն, ունի ջերմոցներ, ուր աշակերտները կը փորձարկեն գիւղատնտեսական փորձարկումներ, ունի նաեւ յառաջացած կրթական համակարգ: Աշակերտութեան թիւը 193 աշակերտ է, որոնցմէ 86-ն գիշերօթիկ կը մնայ: Տնօրէնն է Վեր. Յակոբ Ագպաշարեան, իսկ կինը՝ Նանոր Ագպաշարեան գիշերօթիկին պատասխանատուն է, ուր աշակերտներուն մեծ մասը քայքայուած եւ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ ապրող ընտանիքներու զաւակներ են Պէյրութի շրջաններէն, եւ որոնք սիրոյ ու գուրգուրանքի կը կարօտին: Անոնք գիշերօթիկ յաճախելով կը վայելեն սէր եւ չափազանց լաւ հոգատարութիւն, ինչպէս նաեւ իրենց կը ջամբուի քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւն: Գիշերօթիկի աշակերտները ամրան կը վերադառնան իրենց տուները, սակայն դպրոցը նոր ծրագիր մը կը մշակէ, որպէսզի գիշերօթիկը բաց մնայ ամրան եւս եւ պահէ այն աշակերտները, որոնք մատչելի միջավայրէ զուրկ են: Վարժարանը կը փորձէ կարելիութիւն ընծայել անոնց՝ շարունակելու իրենց ամառնային արձակուրդը մեր տաք օճախին մէջ, ինչպէս նաեւ մասնակցելու Աւետարանական Միութեան ճամբարներուն», կ’ըսէ Ներսէսեան:
Ան յայտնեց, թէ այցելած է նաեւ Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանը, որ մեծագոյնն է Աւետարանական դպրոցներուն, Թրատի կեդրոնը, ուր կարիքաւոր ընտանիքներու օգնութիւն կը բաժնուի, ինչպէս նաեւ այլ ծառայութիւններ՝ բժշկական, դեղորայքի, հոգեբանական ծառայութիւն եւ ամառնային ճամբարներ: Այցելած է Ծերանոցը՝ Գահըլը, որուն կ’օժանդակէ Ընկերակցութիւնը, եւ ուր կը պատսպարուին անտէր ծերերը: Այցելութիւններու ծիրէն ներս եղած է նաեւ Հայկազեան համալսարանը, որ Սփիւռքի միակ հայկական համալսարանն է եւ ծանրակշիռ վարկ ունի հայ եւ օտար միջավայրէն, ինչպէս նաեւ կրթական շրջանակէն ներս: Ներսէսեան այցելած է նաեւ Նոր Մարաշի Շամլեան Թաթիկեան վարժարանը:
«Այնճարի գիշերօթիկին նման մենք Հայաստանի մէջ եւս ունինք մեր «Շող» կեդրոնները (4 կեդրոն, ոչ գիշերօթիկ), ուր կը յաճախեն քայքայուած ընտանիքներու զաւակները, եւ ուր հոգեբաններու, ընկերային ծառայողներու եւ մանկավարժներու հոգատարութեամբ անոնք կը կազդուրուին: «Շող» 2 կեդրոն ունէինք նաեւ Արցախի մէջ՝ Շուշի եւ Ասկերան», ըսաւ Ներսէսեան:
Ան շեշտեց, թէ Գանատայի մասնաճիւղը Աւետարանչականի բոլոր ծրագիրներուն կ’օժանդակէ, ըստ կարելւոյն, բայց իրենց անմիջական հոգատարութեան յանձնուած է Այնճարի դպրոցը եւ նախապէս՝ Ասկերանի Պասմաճեան մանկապարտէզը Արցախի մէջ (գանատահայ Եփրեմ եւ Զապէլ Պասմաճեաններու որդի՝ Յակոբ Պասմաճեանի հովանաւորութեամբ), Ներսէսեան յայտնեց նաեւ, թէ մօտօրէն պիտի յայտարարուին նաեւ նոր ծրագիրներ:
Ան աւելցուց, որ Ապրիլ ամսուն, արցախցիներուն օժանդակութեան համար, Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ կազմակերպուած համերգներէն հանգանակուեցաւ մօտ 150 հազար տոլար, որոնք կը յատկացուին արցախցի ընտանիքներուն բնակարաններու ապահովման, վարձքերու հոգացման եւ աշխատանքի ապահովման ծրագիրներուն:
Նշենք, որ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ծրագիրներուն մասին կարելի է մանրամասն տեղեկութիւններ քաղել www.amacnews.org կայքէջէն:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
Comments are closed.