Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Աւարտեց իր Աշխատանքները
Ուրբաթ, 13 եւ Շաբաթ, 14 Մայիս 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմը Գէմպրիճի մէջ գումարեց իր 65/22-րդ Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մասնակցութեամբ Ազգային Երերեսփոխաններու մեծամասնութեան եւ ներկայութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանի, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներու, ինչպէս նաեւ ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց եւ գործակից միութիւններու վարչութիւններէն ներկայացուցիչներու։
Ժողովի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով, որմէ ետք ընթերցուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական ողջոյնի խօսքը, որուն ընդմէջէն Նորին Սուրբ Օծութիւնը լուսարձակի տակ կ’առնէր՝ քրիստոնէական կազմաւորման, հայեցի դաստիարակութեան, երիտասարդութեան նկատմամբ յատուկ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելու եւ Սփիւռքի տարուան առթիւ վերանորոգման ու վերակազմակերպման աշխատանքներու հրամայականը: Աւարտին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը գնահատանք կ’արձանագրէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հոգեւորականաց դասուն, Ազգային Վարչութեան ու Երեսփոխանական ժողովին, իրենց տարած անձնդիր աշխատանքներուն ու ձեռքբերումներուն համար, ապա, յաջողութիւն կը մաղթէր այս ժողովի աշխատանքներուն։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր Հայրական խօսքը: Ողջունելէ ետք բոլոր ժողովականները, Բաբգէն Սրբազան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետին, իր հայրական հոգածութեան եւ շարունակական ցուցմունքներուն համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներուն, Ազգային Երեսփոխաններուն, Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան եւ Առաջնորդարանիս հովանիին ներքեւ գործող խորհուրդներուն եւ գնահատանքի արտայայտութիւններ ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան բոլոր աջակիցներուն ու նուիրատուներուն: Սրբազան Հայրը ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Թեմի աշխատանքներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, մասնաւորաբար շեշտելով, որ հաւատացեալ, ծխական համայնք, Թեմ եւ Կաթողիկոսարան զիրար ամբողջացնող օղակներ են, եւ անսալով Նորին Սուրբ Օծութեան թելադրութիւններուն, պէտք է ճիգ չխնայել վերակազմակերպելու ու վերակենսաւորելու համար մեր շրջաններն ու Թեմը, հովուական ծառայութեամբ վերաշխուժացնելու համար մեր թեմի զաւակներուն հոսքը դէպի եկեղեցի ու Հայ կեդրոններ:
Առաջնորդ Սրբազան հայրը լուսարցակի տակ առաւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հայապահպանման առաքելութեան կարեւորութիւնը, նշելով, որ բոլոր ժամանակներէն աւելի՝ այս օրերուն կենսական է ինքնութեան պահպանումը, որ ինքնին դժուար ու զոհողութիւն պահանջող հոլովոյթ է:
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաները վերանորոգ յանձնառութեամբ լծուելու աշխատանքի, հաւատարիմ մնալով մեր սկզբունքներուն, կոչումին ու առաքելութեան:
Ընդունուած կարգին համաձայն, ժողովը ապա ընտրեց իր մնայուն դիւանը: Ատենապետ ընտրուեցաւ Պրն. Վարանդ Զէյթլեան, իսկ ատենադպիր՝ Պրն. Կարպիս Մէշէֆէճեան։
Ժողովի նիստերու ընթացքին ըստ էութեան քննարկուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան եւ ընդհանրապէս Ազգային Առաջնորդարանի միամեայ աշխատանքները։ Իր ընթացիկ օրակարգերու կողքին, ժողովը յատուկ կերպով կեդրոնացաւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն եւ հայեցի կրթութիւն ջամբելու կարեւորութեան վրայ, ինչպէս նաեւ գանատահայ երիտասարդութեան դիմագրաւած նորօրեայ մարտահրաւէրները։
Վերջին նիստի ընթացքին, տեղի ունեցան Ազգային Պատգամաւորմներու եւ Ազգային Վարչութեան ընտրութիւն։ 2022-2026 տարեշրջանին համար ընտրուեցան՝ Յարութ Գասապեան (Թոորնթօ), Վաչէ Գըլըպոզեան (Թորոնթօ), Ծովիկ Թերզեան (Լաւալ), Յակոբ Լախոյեան (Լաւալ), Վահիկ Յակոբեան (Վանգուվըր), Գրիգոր Շիթիլեան (Թորոնթօ), Թորոս Պապիկեան (Մոնթրէալ), Աննա Պուլկարեան (Մոնթրէալ), Գրիգոր Տէր Ղազարեան (Մոնթրէալ), Րաֆֆի Տօնապետեան (Մոնթրէալ), Կարօ Փոստաճեան (Գէմպրիճ) եւ Անի Օհանեան (Լաւալ)։ Իսկ 2022-2023 տարեշրջանի Կրօնական Ժողովի անդամներն են՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեան եւ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, իսկ Ազգային Վարչութեան անդամներն են՝ Տիկին Արփի Աշքարեան, Օրիորդ Թալին Ապրաքեան, Տիկին Ծովիկ Թերզեան, Պրն. Յակոբ Ճանպազեան, Պրն. Նազար Չաթալեան, Պրն. Նորայր Պէզճեան, Տիկին Աննա Պուլկարեան, Պրն. Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Տիկին Մարիա Քէօսէյեան։
Ժողովի աւարտին խօսք առին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամն Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեան, Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեան։ Ապա՝ ժողովի փակման խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ան գնահատանքով անդրադարձաւ Ազգային Երեսփոխաններուն, Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան անդամներուն ու ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց նուիրեալ ծառայութեան, ողջունեց անոնց նախանձախնդիր մօտեցումը, շեշտելով, որ գործող մարմինի մը եւ կառոյցի մը գոյութեան արժէք տուողն ու իմաստաւորողը գործն է ու միասնականութիւնը, որովհետեւ մարմին մը կամ վարչութիւն մը կ’արժեւորուի իր միասնականութեամբ ու գործնական ծառայութեամբ, աշխատանքը վերակազմակերպելու եւ վերանորոգելու յանձնառութեամբ։ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս շնորհաւորելով նորընտիր կազմերը՝ բարի երթ մաղթեց Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան եւ կոչ ուղղեց որ միասնաբար՝ որպէս մեծ ընտանիք, համայնքներ ու կեդրոններ մեր տան հիմերը ամրացնենք վաղուան սերունդներուն ապահովման համար եւ կերտենք գալիք առողջ եւ գիտակից սերունդները։
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը փակուեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերքով։
ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ